Շուշիի մէջ տեղի կ’ունենայ ասմունքի համահայկական չորրորդ փառատօնը

Օգոստոս 17-21 ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, ԼՂՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ «Աւան Շուշի Պլազա» հիւրանոցի նախաձեռնութամբ եւ աջակցութեամբ Շուշիի մէջ կ’իրականացուի ասմունքի համահայկական 4-րդ փառատօնը, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

 Փառատօնին կը մասնակցին 61 ասմունքող` Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն (ԱՄՆ, Լիբանան, Ուքրանիա, Պելառուս) նաեւ 42 ասմունքող` Արցախէն :

 Փառատօնի ծիրէն ներս մասնակիցները կ’այցելեն Արցախի տեսարժան վայրեր:

 

Scroll Up