Ամերիկահայ Նաթան Գիպարեանին Պոսթօնի մէջ կ’անուանեն «խոհանոցի արքայ»

Պոսթօնի մէջ գրեթէ բոլորը գիտեն` եթէ խնճոյքը պիտի կազմակերպեն տան մէջ ու պէտք է հիւրերուն զարմացնեն տնական համեղ ուտեստներով, ապա պէտք է դիմեն ամերիկահայ Նաթան Գիպարեանին: Անոր կ’անուանեն «խոհանոցի արքայ» եւ կը զարմանան, թէ ինչպէս կրնայ ամենահասարակ մթերքէն իւրայատուկ ճաշատեսակներ պատրաստել:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը` վկայակոչելով «Armenianweekly»-­ն, 23­-ամեայ Նաթանի մանկութիւնը անցած է խոհանոցի մէջ, ան հետեւած է, թէ ինչպէս  մայրն ու մեծմայրը կը պատրաստեն ուտեստներ, աւանդական թխուածքներ: Այժմ արդէն Նաթանին կը հետեւի ողջ քաղաքը, տեղական հեռուստատեսութեամբ ան յաճախ ուտեստներ պատրաստելու վերաբերեալ խորհուրդներ ու ուղղութիւն   կու տայ` ինչպէս պատրաստել մաքարոնեղէնը կամ ինչպէս պատրաստել խմորեղէն:

«Մեր ընտանիքէն ներս սովորոյթ էր երեկոյեան միասին ընթրել եւ համտեսել մեծմօրս ու մօրս պատրաստած ուտեստները: Իմ ընտանիքիս համար բնական էր սնուիլ տան մէջ պատրաստուած ուտեստներով, բան մը որ ԱՄՆ-ի մէջ այնքան ալ տարածուած չէ: Ատիկա է պատճառը, որ այնպիսի ուտեստներ կը պատրաստեմ, որ տան մէջ պատրաստուածէն չտարբերի»,­ ըսած է Նաթան` աւելցնելով, որ հոպիին զուգահեռ նաեւ յաճախած է դասընթացներու եւ այսօր ամենաերիտասարդ շէֆ­-խոհարարներէն մէկն է քաղաքին մէջ:

Scroll Up