Հայ տպագրութեան նուիրուած ձեռնարկներ` Ոսկան Երեւանցիի 400-ամեակին առիթով

Այս տարի Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ հայ նշանաւոր տպագրիչ-հրատարակիչ Ոսկան Երեւանցիի (Ոսկան Վարդապետ, 1614-1674 թթ.) ծննդեան 400-ամեակը նշանաւորող ձեռնարկներու շարք, որ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ համընդգրկուն ձեւով ներկայացնելու Ոսկան Երեւանցիի տպագրական ժառանգութիւնը եւ ըստ ամենայնի գնահատելու հայ գրատպութեան մեծ երախտաւորի վաստակն ու մատուցած ծառայութիւնը հայ ժողովուրդին:
Panorama.am-ի փոխանցմամբ` կառավարութիւնը այսօրուան նիստին հաստատեց ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան «ճամփորդութիւն Հայ տպագրութեան քառուղիներով` նուիրուած Ոսկան Երեւանցիի 400-ամեակին» ծրագիրի արտապիւտճետային հաշուի միջոցներու ծախսման 2015 թուականի նախահաշիւը:
Ինչպէս նշեց ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Սերգէյ Մանասարեան, ծրագիրի ծիրէն ներս կը նախատեսուի Ոսկանեան գիրքերու յատուկ ցուցադրութիւն, որուն ընթացքին այցելուներուն հնարաւորութիւն կ’ընձեռնուի տեսնել ինչպէս Մատենադարանի, այնպէս ալ Հայաստանի եւ արտերկրի շարք մը գրադարաններու ու թանգարաններու մէջ պահուող Ոսկանեան հրատարակութիւնները: Առանձին ցուցադրութիւններով կը ներկայացուին նաեւ Ոսկանի գրահրատարակչական գործունէութեան շնորհիւ զարգացած արուեստները` զարդարուեստ, փորագրական արուեստ:
«Տեղի կ’ունենայ նաեւ «Ոսկան Երեւանցի. Ճամփորդութիւն Հայ տպագրութեան քառուղիներով» խորագրով երկօրեայ սեմինար, որի ընթացքում ոլորտի մասնագէտները ելոյթ կ’ունենան զեկոյցներով, այդպիսով, գիտական շրջանակների համար նորովի կը ներկայացուի Ոսկան Երեւանցու դերը` թէ՛ հայ ժողովրդի պատմութեան, թէ՛ հայ-եւրոպական մշակութային փոխառնչութիւնները նորովի բացայայտելու առումով, ինչն էլ յետագայում նոր ուսումնասիրութիւնների առիթ կը հանդիսանայ»,-նշեց ան:
Զեկուցումները կը բացայայտեն Ոսկան Երեւանցիի գրահրատարակչական գործունէութիւնը, որ բեկում մը գործած է հայկական տպագրութեան զարգացման ընթացքին մէջ: Ոսկան Երեւանցին ստեղծած է անընդմէջ գործող հայկական գրահրատարակչութիւն, տպագրական դպրոց, ուր սորված վարպետները տարբեր քաղաքներու մէջ հիմնած են հայկական նոր տպարաններ:
Ծրագիրի ծիրէն ներս նախատեսուող յատուկ ցուցահանդէսի ընթացքին կը ներկայացուին Ոսկան Երեւանցիի այն տպագիր աշխատանքները, որոնք կը պահուին «Մատենադարան» Մեսրոպ Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ, ինչպէս նաեւ անոնցմէ յետոյ հրատարակուած հազուագիւտ հնատիպ գիրքեր: Ցուցադրութեան մաս կը կազմեն նաեւ Ոսկան Երեւանցիին առնչուող արխիւային փաստաթուղթերը: