Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդը բարձրօրէն գնահատեց Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի առաջնակարգ շրջանաւարտները

րեքշաբթի, 11 Օգոստոս 2015-ի առաւօտեան, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի առաջնակարգ շրջանաւարտները Ճեմարանի տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան ընկերակցութեամբ հանդիպում ունեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր ՇահանՍրբ.Արք. Սարգիսեանին հետ, Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս:
Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան ներկայացուց պաքալորիայի պետական քննութեան բարձրագոյն գնահատանիշեր ապահոված աշակերտները, դիտել տալով, որ հակառակերկրիս ծանր պայմաններուն անոնք լրջօրէն աշխատեցան եւ պատուաբեր արդիւնքներովաւարտեցին իրենց ուսումնական հանգըրուանը. անոնցմէ Գէորգ Եղիայեան Սուրիոյ մակարդակով 5-րդ, իսկ Հալէպի մակարդակով 3-րդ բարձրագոյն գնահատանիշը ապահովեց` արժանանալով Կրթութեան Նախարարութեան գնահատանքին: Տնօրէնը նշեց, թէ այս հանգրուանին շրջանաւարտները կը նախապատրաստուին համալսարանական ուսման:
Սրբազան հայրը բարի գալուստ մաղթելով բոլորին, շնորհակալութիւն յայտնեց տնօրէնին, որ իր երիտասարդական խանդով խրախուսեց աշակերտներն ու զանոնք մղեց աշխատանքի, ինչպէս նաեւ բարձրօրէն գնահատեց շրջանաւարտները նշելով, որ հայերը ուր որ ալգտնուած են մշտապէս նուաճած են բարձրագոյն դիրքեր, ոչ միայն ուսման, այլեւ տարբեր ասպարէզներու մէջ:
Սրբազան հայրը, անդրադառնալով ճեմարանականներուն պատերազմի պատճառովՃեմարանի կառոյցէն ստիպողաբար դուրս մնացած ըլլալու երեւոյթին, նկատել տուաւ, թէշէնքն ու վայրը մեծ կարեւորութիւն չեն ներկայացներ, այլ մարդն ու գաղափարը: Մարդը, որնպատակակէտ ունի` անապատի մէջ ըլլայ թէ պալատի, անպայման կը ձգտի իր նպատակին, իսկ անոր աշխատանքը անպայման կ՛արդիւնաւորուի: Ճեմարանը սոսկ կառոյց չէ, նշեցսրբազանը, այլ ոգի, որ կ՛արտացոլայ ձեր բոլորին ընդմէջէն:
Այնուհետեւ սրբազան հայրը նշեց, թէ «մարդն է որ կը մշակէ երկիրն ու կը ծաղկեցնէ իր ապրած տարածութիւնը, հետեւաբար պատերազմը պէտք չէ յուսահատութեան մատնէ ձեզ, որովհետեւ դուք լաւին ու լոյսին ձգտելու կամքով տոգորուած էք»: Սրբազան հայրը մէջբերեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա.Կաթողիկոսի հետեւեալ խօսքը.«Մարդն է, որ գործէ զերկիր»:Աւելցնելով սրբազան հայրը ըսաւ, որ մեր եկեղեցիները կրնան այրել, մեր բնակարանները քանդել, սակայն մենք յուսահատութեան չենք մատնուիր, մենք կը հաւատանք վաղուան, կը հաւատանք լոյսին ու գիտութեան, ուստի` պատերազմի խաւարին մէջ անգամ պիտի ձգտինք լոյսին, իմաստութեան եւ գիտութեան:
Սրբազան հայրը թելադրեց. «Ձեր ուսումնական ուղիին մէջ չմոռնաք Ճեմարանն ու Ճեմարանի ուսուցիչները եւ ձեր գիտութիւնն ու փորձառութիւնը ի սպաս դրէք նաեւ ձեր վարժարանին, ձեր ազգին: Ի զուր չէ, որ ձեր սերունդը կոչուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակիսերունդ, ձեր սրբազան պարտաւորութիւնն է նաեւ տէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն, մեր ազգային պահանջներուն»:
Սրբազան հայրը շնորհաւորելով շրջանաւարտներն ու անոնց ծնողները, ինչպէս նաեւտնօրէնութիւնն ու խնամակալութիւնը, շըրջանաւարտներուն փոխանցեց , թէ «ուսումնականձեր այս հանգրուանին որեւէ դժուարութեան պարագային դիմեցէք մեզի, տնօրէնութեան եւմենք պատրաստ ենք սատար հանդիսանալու բոլորին»:
Ապա տեղի ունեցաւ մտերմիկ զրոյց մը. շըրջանաւարտները խօսեցան իրենց նախասիրածճիւղերուն մասին եւ կարծիքներ փոխանակեցին դժուարութիւններու յաղթահարման գծով:
Աւարտին սրբազան հայրը Նարեկ աղօթամատեանէն օրինակներ նուիրեց շրջանաւարտներուն եւ թելադրեց ընթերցել զայն, որովհետեւ «փակուած գիրքը կուռքի կը նմանի»:
Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար: