«The Huffington Post»-ը Դիլիջանը անուանած է Հայկական Զուիցերիա

Հայաստանի աշխոյժ մայրաքաղաք Երեւանէն դէպի հիւսիս-արեւելք շուրջ 90 քմ անցնելով` մայրուղին կը նեղնայ` վերածուելով լեռնային ճանապարհի: Դուք կը հասնիք Տաւուշի մարզ, որ յայտնի է հանգստավայրային Դիլիջան քաղաքով: Արտասովոր շոգ եւ խոնաւ ամառը կը ստիպէ «Հայկական Զուիցերիա» ուղեւորուին հանգստացողները ոչ միայն ամբողջ երկրէն, այլեւ Վրաստանէն, Ռուսաստանէն եւ Իրանէն, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի տարբեր երկիրներէ: Այս մասին ըստ NEWS.am-ի` «The Huffington Post»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ գրած է PR & Social Media strategist Ճէքի Աբրահամեան:
«Չնայած Դիլիջանը այսօր բարձիթողի վիճակի մէջ է, վերջին շրջանին այստեղ բացուած ճաշարանները, «Գիշերակաց եւ նախաճաշ» իջեւանատուները, հիւրանոցները եւ նոյնիսկ հիւրանոցային ցանցերը, օրինակ` «Best Western»-ը, կը գրաւեն համացանցը` ակնկալիքով, որ, ինչպէս շատերը յոյս ունին, ատոնք Դիլիջանին այդքան սպասուած աշխուժութիւն կը բերեն: Տնտեսական վերածնունդի հսկայական ծրագիրներով ձեռներէցներն ու մեկենասները նպատակ ունին Դիլիջանը վերածել կրթական, մշակութային, ժամանցի եւ ֆինանսական կեդրոնի ամբողջ տարածաշրջանին մէջ»,- գրած է ան:
Հեղինակին խօսքով, յառաջիկայ բարգաւաճման հետքերը արդէն տեսանելի են բլուրի վրայ վեր խոյացած Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան կրթական եւ հետազօտական կեդրոնի ճերմակ կրաձոյլէ շէնքի փայլուն ապակիներուն վրայ: Իսկ որ աւելի կարեւոր է, կրթական եւ տնտեսական վերափոխումներու ծրագիրները արդէն կ’իրականացուին «Հայաստանի զարգացման հեռանկարներ» հիմնադրամի եւ Դիլիջանի զարգացման հիմնադրամի գլխաւորութեամբ, որոնք հիմնած են բարերարներ Ռուբէն Վարդանեանն ու Վերոնիքա Զոնապենտը:
«Այդպիսի անձանց, կազմակերպութիւններու եւ բարերարներու խոր համոզումի, տեսլականի եւ գործունէութեան շնորհիւ, հնարաւոր է, ներկայիս Դիլիջանը վերականգնէ իր նախկին վարկանիշն ու գերազանցէ ակնկալիքները: Անկասկած, ատիկա պէտք է սպասել»,- ընդգծած է յօդուածի հեղինակը: