Գիւմրիի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած քանդակագործութեան 2-րդ միջազգային գիտաժողով բացուած է

ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան եւ Գիւմրիի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ Օգոստոս 11-ին Գիւմրիի Աւետիք Իսահակեանի անուան պուրակին մէջ բացուած է «Սրբացեալ ընտանքիներ» խորագիրով քանդակագործութեան երկրորդ միջազգային գիտաժողովը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, կը հաղորդէ ՀՀ Մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական կայքը:
Գիտաժողովի կազմակերպիչներն են Գիւմրիի «Մէկ մշակութային փորձագիտական կեդրոն» կրթամշակութային վերլուծութիւններու եւ զարգացման հասարակական կազմակերպութիւնը եւ Քանդակագործութեան ազգային բացօթեայ-թանգարանը:
Տաս քանդակագործներ` Հայաստանէն, Պելառուսէն, Պելճիգայէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն, երեք շաբաթներուն ընթացքին, նոր մօտեցմամբ` համադրած են տեղական տուֆ քարն ու մետաղը: Իբրեւ արդիւնք, նոր ստեղծուած քանդակագործական աշխատանքներով պիտի ձեւաւորուի հերթական պուրակը: