Մուսա Լերան եւ Այնճարին Նուիրուած Գիրքերու Ցուցահանդէս Այնճարի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/42.jpg)
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 1ՕՕ-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի յոբելինական ձեռնարկներու շարքին չորրորդը՝ Մուսա Լերան եւ Այնճարին նուիրուած գիրքերու ցուցահանդէսն ու ժապաւէնի ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 8 Օգոսոտս 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» Ժողովրդային տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» Սրահին մէջ, Հովանաւորութեամբ պետական նախարար Զօր. Փանոս Մանճեանի: Այս մասին կը յայտնէ mousaleranjar կայքը։
Ձեռնարկը նուիրուած էր Նահատակ Յակոբ Հաւաթեանի (Քեսապցի) յիշատակին:
Գիւղի Հոգեւոր Պետերու եւ Նախարար Փանոս Մանճեանի ձեռամբ կատարուեցաւ ցուցահանդէսին բացումը:
Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75-ամեակի կեդրոնական մարմնի անունով ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց օրդ. Ցողիկ Հաւաթեան, որ կարեւորեց պատկառելի թիւով հրատարակութիւնները՝ փառատելով այն համոզումը, թէ քիչ աղբիւրներ կան Մուսա Լերան եւ Այնճարի մասին:
Բացման խօսքէն ետք Պետական Նախարարր զօր. Փանոս Մանճեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը:
Զօր. Մանճեան ըսաւ թէ Այնճարի ժողովուրդը իր ներկայութիւնը եւ ներկայ կեանքը կը պարտի Մուսալեռցի այդ նահատակներուն որոնք զոհուեցան Մուսա Լերան հերոսամարտի ընթացքին. անոնք չ՛մտածեցին իրենց անհատականին մասին՝ այլ մտածեցին Մուսալեռցիներուն հաւաքական շահերուն մասին: Ան իւրայատուկ գտաւ հերոսամարտի 1ՕՕ-ամեակի յոբելինական ձեռնարկներու շարքը՝ յայտնելով որ Մուսալեռցիականը միշտ տարբեր եղած է եւ այդպէս պէտք է շարունակուի:
Ան իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով թէ «Այնճացիք եւ համայն Հայ ժողովուրդը պէտք է օրինակ առնեն Մուսալեռցի նահատակներէն, ըլլալով միասնական եւ ձքտելով Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի Հայութեան ամբողջական շահերու պաշտպանութեան»:
Ապա ներկաները առիթը ունեցան դիտելու ցուցադրուած գիրքերը, որմէ ետք անոնք հետեւեցան Նորա Գէորգեանի «Այնճար» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան: