Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղին մէջ կը պատրաստուին Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/խաղողօրհնեք.jpg)
Թուրքիոյ հայկական միակ գիւղը` Վաքըֆլըն, որ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններէն յետոյ կորսնցուց գիւղի կարգավիճակը եւ այժմ կը համարուի թաղամաս, կը պատրաստուի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ Սթամպուլի հայկական «Ակօս» պարբերականը:
Վաքըֆլըի նախկին գիւղապետ Պերչ Քարթուն յոյս յայտնած է, որ տօնակատարութեան ժամանակ իրենց գիւղը շատ այցելուներ կ’ունենայ: «Կը հրաւիրենք մեր բոլոր ընկերները կիսելու մեր ոգեւորութիւնը»,-նշած է ան:
Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնի ժամանակ Վաքըֆլըի մէջ ելոյթ կ’ունենայ Սթամպուլի «Ոմանք» խումբը, տեղի արուեստագէտները, երիտասարդական երգչախումբը, ինչպէս նաեւ կը հնչէ տհոլ-զուռնա: Ներկաները կը պարեն հայկական ազգային պարեր:
Օգոստոս 16-ին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տօնացոյցով Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը կամ ինչպէս ժողովուրդին մէջ ընդունուած է` Խաղողօրհնէքի տօնը: Այն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդն է եւ Տիրամօր նուիրուած տօներէն ամենահինը: Կը նշուի Օգոստոս 15-ի մերձակայ կիրակի օրը` Օգոստոս 12-18: Տօնը ունի շաբաթապահք, նաւակատիք եւ մեռելոց: Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տօնի աւարտին բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի պատարագ, որուն աւարտին կը կատարուի խաղողի օրհնութիւն: