Հայրենաճանաչողութեան Օր «Սփիւռք Ամառնային Դպրոց»-էն Ներս

ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը «Սփիւռք ամառնային դպրոց»-2013թ ծրագիրի մասնակիցներուն համար յուլիս 27-ին կազմակերպած էր հայրենաճանաչողութեան օր :

Առաւօտեան մասնակիցները Ծաղկաձորէն մեկնեցան Օշական:

Սփիւռքահայ մասնակիցներուն դիմաւորեց եւ ողջունեց Օշականի Սբ. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ քահանան:

Այնուհետեւ «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագիրի մասնակիցները ուղեւորուեցան Էջմիածին:

Մայր տաճարին մէջ դասընթացներու մասնակիցներուն դիմաւորեց Ս Էջմիածինի Քրիստոնեական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն հայր Վարդան վարդապետ Նաւասարդեան եւ ծանօթացուց Մայր տաճարի պատմութեան:

Հայր Վարդանը մասնակիցներուն յորդորեց հաւատարիմ մնալ Հայ Եկեղեցւոյ օրէնքներուն, մայրենի լեզուին ու մշակոյթին: Միայն այդ ամէնը որպէս վահան ունենալով` հնարաւոր կ’ըլլայ դիմագրաւելու ձուլման եւ ինքնութեան կորուստի վտանգները:

Էջմիածինէն մասնակիցները մեկնեցան Եռաբլուր, ուր կը հանգչին մեր նորօրեայ հերոսները, որոնց շարքերուն քիչ չեն նաեւ սփիւռքահայերը, որոնք վտանգի պահին Հայրենիքի կողքին եղան եւ իրենց կեանքը նուիրեցին մեր բոլորիս Հայրենիքին:

Օրը աւարտեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութեամբ, ուր մասնակիցները խնկարկեցին Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:

Լ. Աբրահամեան 

Scroll Up