Հայ երիտասարդներու անակնկալ ամուսնութեան առաջարկութիւնները Վանի Աղթամար կղզիին մէջ. տեսանիւթ

Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը աւարտած ուսանողները Վանի Աղթամար կղզիին մէջ վկայականներ ստանալէ առաջ գեղեցիկ անակնկալի ականատես եղան, կը յայտնէ News.am-ը:
ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի տնօրէնի եւ դէպի Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա զբօսաշրջութիւն կազմակերպող «Նարեկավանք Տուր» ընկերութեան կողմէ Վանի Աղթամար կղզիին մէջ կազմակերպուած էր պատմութեան բաժանմունքի շրջանաւարտներուն վկայականներ յանձնելու արարողութիւն:
Վկայականներ ստանալէ առաջ, երբ բոլորը հաւաքուած կ’ըլլան Աղթամարի սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ԵՊՀ պատմութեան բաժանմուքնի շրջանաւարտ Գէորգը ամուսնութեան առաջարկութիւն կ’ընէ իր ընկերուհիին` Ռուզանային: Գէորգը NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին մէջ նշեց, որ նման ձեւով առաջարկութիւն ընելը իր մօտ ծագած է դէպի Արեւմտեան Հայաստան ուղեւորութենէն ընդամէնը մէկ օր առաջ: Ան շեշտեց, որ Ռուզաննան խիստ անակնկալի եկած էր, քանի որ տեղեակ չէ եղած իր մտադրութեան մասին:
Այնուհետ մէկ այլ շրջանաւարտ 22-ամեայ Նարեկը եւս գեղեցիկ ամուսնութեան առաջարկութիւն կ’ընէ իր ընկերուհիին` Անիին, որ եւս մինչ այդ պահը տեղեակ չէ եղած այդ մասին: Նարեկը նոյնպէս նշեց, որ երկար մտածած էր, թէ ինչ հետաքրքիր ձեւով ամուսնութեան առաջարկութիւն ընէ եւ վկայականները ստանալու համար դէպի Արեւմտեան Հայաստան ուղեւորութիւնը լաւ առիթ հանդիսացաւ: