ՀՄԸՄ-ի ԱՄՆ-ի Արեւելեան Շրջանի 25-րդ Միջ-Մասնաճիւղային Նաւասարդեան Խաղերը Պոսթընի Մէջ

ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 25րդ միջ-մասնաճիւղային մարզական խաղերը տեղի ունեցան Պոսթընի մէջ, Հինգշաբթի, Հինգշաբթի, 2 Յուլիսէն Կիրակի, 5 Յուլիս, նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան, հովանաւորութեամբ ԱՄՆ Արեւելեան շրջանի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանի, ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի կապ Հրաչ Մեսրոպեանի եւ հիւրընկալութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պոսթընի մասնաճիւղին:
Չորս օրերու վրայ երկարող խաղերուն ընթացքին դաշտերու վրայ, պանդոկի միջանցքներուն եւ ամէնուրեք ՀՄԸՄ-ական մարզիկը հանդիպեցաւ իր հարազատներուն, որոնք ժամանած էին Արեւելեան Ամերիկայի իննը շրջաններու մասնաճիւղերէն՝ Նիւ Եորքէն, Նիւ Ճըրզէն, Ուաշինկթընէն, Շիքակոյէն, Տիթրոյիթէն, Փրովիտընսէն, Ֆիլատելֆիայէն եւ հիւրընկալ Պոսթընէն: Նաեւ, Գանատայէն իր մասնակցութիւնը բերաւ Թորոնթոյի ՀՄԸՄ-ը:
Մրցումներն ու տողանցքը տեղի ունեցան Վուպըրնի Հայ սքուլի համալիրին մէջ: Իսկ ձեռնարկները կատարուեցան մօտակայ Ուալթհամի «Ուեսթին» պանդոկին մէջ:
Յուլիս 2-ին բոլոր մարզիկները, սկաուտները եւ համակիրները, խումբ առ խումբ, ժամանեցին Պոսթըն, ուր տեղի ունեցաւ մասնաճիւղերու պատասխանատուներու կարճ ժողով մը՝ բացատրելու շաբաթավերջի մարզախաղերու դասաւորումը, օրէնքները եւ խստապահանջ կարգապահական պայմանները: Ընդամէնը 430 մարզիկներ մասնակցեցան:
Շաբաթ, Յուլիս 4-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը:
Պաշտօնական բաժինը բացուեցաւ պատուոյ հիւրերու մուտքով: Ներկայ էին երկու հարիւրէ աւելի ՀՄԸՄականներ եւ համակիր ազգայիններ, որոնք ապրեցան յիշատակելի երեկոյ մը ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին հետ: Պատուոյ սեղանին վրայ ներկայ էին Արեւելոան Միացէալ Նահանգներու թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ Արեւելեան շրջանի ներկայացուցիչ Հրաչ Մեսրոպեան, ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժան Աւետիսեան, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վահէ Թանաշեան, ՀՄԸՄ-ի Պոսթընի մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Արա Պարսումեան:
Հանդիսութեան պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ քայլերգներու կատարողութեամբ:
Սրբազան հօր սեղանի օրհնութենէն եւ ճաշէն ետք, օրուան պատշաճ յայտագիրը բացուած հռչակուեցաւ:
ՀՄԸՄի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի անունով, Արա Պարսումեան բարի գալուստ մաղթեց:
Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վահէ Թանաշեան, իր կարգին բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ներկաներուն:
ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ խօսք առաւ Ժան Աւետիսեան: Ան ողջունեց ՀՄԸՄ-ի հաստատաքայլ երթը շրջանին մէջ։
Թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեան իր խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան, շնորհաւորեց 25-րդ միջ-մասնաճիւղային մարզական խաղերու յաջողութիւնը եւ յիշեցուց, որ զանազան կազմակերպութիւններ եկած ու գացած են, բայց ՀՄԸՄ-ը կը մնայ միշտ երիտասարդ, եւ թէ անոր սկզբունքները ու ազգային սրբութիւնը շունչ եւ արիւն տուած են հայորդիին:
Փակման հանդիսութեան նախ մուտք գործեցին պատուոյ հիւրերը, դրօշակակիրներու եւ Շրջանային խմբապետի առաջնորդութեամբ՝ տողանցեցին շրջանի արի-արենոյշներու, արծուիկներու եւ գայլիկներու խումբերը եւ յաջորդաբար իննը մասնաճիւղերու մարզիկները։
Միջ-մասնաճիւղային 25-րդ խաղերը հասան իրենց աւարտին, անգամ մը եւս ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով, այս խաղերով Արեւելեան Ամերիկայի շրջանը յաւելեալ խթան ստացաւ, խաղերուն մասնակցող բոլոր ՀՄԸՄ-ականները վերանորոգեցին իրենց ուխտը, յուսալով որ 2016-ի Նաւասարդեան մարզախաղերը վերանորոգուած եռանդով տեղի ունենան Շիքակոյի մէջ:
Խումբերու ընդհանուր դասաւորում.
1.- Պոսթըն՝ 66 կէտ
2.- Նիւ Ճըրզի՝ 46
3.- Ուաշինկթըն եւ Նիւ Եորք՝ 23ական
5.- Փրովիտէնս՝ 9
6.- Շիքակօ՝ 5
7.- Թորոնթօ եւ Տիթրոյթ՝ 4ական։
(ԹՂԹԱԿԻՑ)