Տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ դաշնակահարներ Միքայէլ Հայրապետեանի եւ Րաֆֆի Պետրոսեանի համերգը

Օգոստոս 5-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Առնօ Բաբաջանեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ սփիւռքահայ դաշնակահարներ Միքայէլ Հայրապետեանի (ՌԴ) եւ Րաֆֆի Պետրոսեանի (Գանատա) «Հայկական երաժշտութեան երեկոյ» խորագիրը կրող համերգը, որուն ներկայ էր ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան:
Գանատահայ դաշնակահար Րաֆֆի Պետրոսեան կատարեց հայկական դասական եւ ժողովրդական երաժշտութեան սիրուած եւ յայտնի նմուշներ` Կոմիտասի, Արամ Խաչատրեանի, Էտկար Յովհաննիսեանի, Ալան Յովհաննէսի եւ Ալեքսանտր
Ալեքսանեանի ստեղծագործութիւններէն:
Ծագումով պոլսահայ երաժիշտը` Րաֆֆի Պետրոսեան մասնագիտութեամբ շինարար-ճարտարագէտ կը զբաղի բարեգործութեամբ, ինչպէս նաեւ իսլամացած հայերուն իրենց հայրենիքին, հայ մշակոյթին ծանօթացնելու ծրագիրներ կ’իրականացնէ:
Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ունեցած բազմաթիւ համերգներէն եւ ձայնասկաւառակներու վաճառքէն ստացուած հասոյթը ան տրամադրած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ դպրոցներու, ճանապարհներու եւ ջրատարներու կառուցման ծրագիրներու իրականացման, անձամբ իր մասնակցութիւնը ունեցած է նաեւ` որպէս շինարար-ճարտարագէտ:
Վերջին տարիներուն Ր. Պետրոսեան մասնակցած է Տիարպեքիրի Սբ. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերականգնման ծրագիրին, հանդէս եկած այլ նախաձեռնութիւններով: 2014թ. ան կազմակերպած է Տիարպեքիրի 50 ծպտեալ հայերու այցը Հայաստան եւ մասնակցութիւնը Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին` որպէսզի անոնք վերագտնեն իրենց լեզուն, մշակոյթը եւ վերադառնան իրենց ազգային արմատներուն: 2015թ. նոյն առաքելութեամբ Րաֆֆի Պետրոսեան Հայաստան եկած է եւ կազմակերպած 87 իսլամացած հայերու մասնակցութիւնը ծրագիրին:
Միքայէլ Հայրապետեանի կատարմամբ հնչեցին Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Էդուարդ Բաղդասարեանի, Ռոբերտ Ամիրխանեանի եւ Էդուարդ Աբրահամեանի ստեղծագործութիւնները:
Միքայէլ Հայրապետեան աւարտած է Մոսկուայի Չայկովսկիի անուան պետական երաժշտանոցը, այնուհետեւ ասպիրանտուրան: Ան համերգներով հանդէս եկած է եւրոպական, ասիական եւ ամերիկեան բեմերու վրայ` տարածելով հայ դասական երաժշտութիւնը` ինչպէս նաեւ հայ երաժշտահաններու` աշխարհին դեռեւս անյայտ ստեղծագործութիւնները:
Մ. Հայրապետեան նաեւ «Հայաստանի գաղտնիքներ» նախագիծի հիմնադիրն ու գլխաւոր արտադրողն է: Նախագիծի ծիրէն ներս աշխարհի լաւագոյն համերգասրահներուն մէջ տեղի կ’ունենան բազմաթիւ համերգներ: Յատկանշական է Մոսկուայի երաժշտանոցի մեծ սրահին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Ռուսաստանի հայկական երիտասարդական կոնգրէսի կազմակերպած հայկական դասական երաժշտութեան համանուն երեկոն, որ տեղի ունեցած է ՌԴ մշակոյթի նախարարութեան եւ Մոսկուայի մշակոյթի բաժանմունքի աջակցութեամբ:
Ողջունելով սփիւռքահայ արուեստագէտները` նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի եւ նախարարութեան անունէն, կարեւոր համարեց հայրենիքի մէջ համերգային ծրագիրով համատեղ հանդէս գալու եւ նման հաճելի զգացողութիւններ պարգեւելու համար: Ան մասնաւորապէս ըսաւ. «Դուք կարողանում էք հայ երաժշտութիւնը տարածել աշխարհում եւ օտար հանդիսատեսին հասու դարձնել մեր թախիծն ու ուրախութիւնը, մեր արցունքներն ու մեր պայքարի ոգին, կ’ուզենայի, որ դուք այսպիսի համերգներով հանդէս գաք նաեւ Մուշում, Սասունում եւ եւս մէկ անգամ ապացուցէք, որ մեր ժողովրդին անհնար է ծնկի բերել»:
Նախարարի տեղակալը սփիւռքահայ դաշնակահարներուն յանձնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիրներ. Միքայէլ Հայրապետեանին` Հայաստան-Սփիւռք մշակութային գործակցութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած ներդրման համար, իսկ Րաֆֆի Պետրոսեանին` հայապահպանութեան, հայ մշակոյթի զարգացման ու տարածման նպաստելուն, Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման համար: