Համահայկական խաղեր. Մոսկուան վստահ յաղթանակ տօնած է Լոս Անճելըսի նկատմամբ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/բասկետբոլ-300x225.jpg)
Երեւանի մէջ այս օրերուն կ’ընթանան Համահայկական 6-րդ խաղերը:
Խմբային փուլին կայացած է կեդրոնական հանդիպումներէն մէկը, ուր Մոսկուան մրցած է Լոս Անճելըսի հետ: Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Հայաստանի պասքեթպոլի միութեան Ֆէյսպուքեան էջէն:
Մոսկուան, ուր հանդէս կու գան Հայաստանի մինչեւ 20 տարեկաններու հաւաքականի շարք մը խաղցողներ, 94:66 հաշուով առաւելութեան հասած է Լոս Անճելըսի նկատմամբ` տօնելով իր երկրորդ անընդմէջ յաղթանակը:
Յիշեցնենք, որ Լոս Անճելըսը Համահայկական խաղերու գործող ախոյեանն է: