Թուրքիոյ մէջ հայերը ուխտ կատարած են Մարութա սարի գագաթը

Ներկայիս Թուրքիոյ  տարածքին մէջ գտնուող Սասունի Մարութա (Մարաթուկ) սարի ամենամեայ ուխտին  մասնակցած են աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած հայեր, կը գրէ News.am-ը:

Թրքական Batmancagdas կայքի փոխանցմամբ` ամէն տարի Յուլիսի վերջը իրականացուող Մարութա սարի վերելքը այս տարի եւս տեղի  ունեցած է: Աշխարհի տարբեր կողմերէ Սասուն եկած հայերը բարձրացած են Մարութա լերան գագաթը, այնտեղ գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մոմ վառած եւ աղօթած:

Սասունի քաղաքապետը նշած է, թէ ամէն ինչ ըրած են որպէսզի Սթամպուլէն եւ արտասահմանէն եկած հայերու ուխտը յաջող անցնի: «Որպէս տեղական իշխանութիւններ, մենք Մարութա լերան հետ կապուած նախագիծեր ունինք, ինչպէս նաեւ հիւրատուն  պիտի կառուցենք»,-ըսած է Սասունի քաղաքապետը:

Նշենք, որ Մարութա սարը կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի Սասուն գաւառին մէջ եւ եղած է սասունցիներու սիրած եւ պաշտած սարը, որ կոչուած է նաեւ Մարաթուկ:

Scroll Up