Պոսթընաբնակ Հայուհիներու Միջոցներով Ստեղծուած է «Մաշտոց» Հայ Մշակոյթի Պահպանման եւ Զարգացման Հիմնադրամը

Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի բարեկամներու, պոսթընաբնակ երկու հայուհիներու` Մարիա եւ Պէաթրիս Ղրտեաններու կողմէն եւ Մատենադարանի տնօրինութեան նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «Մաշտոց» հայ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման հիմնադրամը: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, տեղեկացուցած են Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի միջազգային կապերու բաժինէն։
Այս տարուան Ապրիլ 10-ին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի եւ հիմնադրամի համանախագահներ Մարիա եւ Պէաթրիս Ղրտեաններու միջեւ ստորագրուած է «Մաշտոց» հայ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման հիմնադրամի ստեղծման պայմանագիրը, որ նոր ուղիներ կը բանայ Մատենադարանի կրթական, գիտական եւ մշակութային ծրագիրներու առաւել ընդլայնման ու զարգացման համար:
Հիմնադրամի կարեւորագոյն խնդիրներէն են Մատենադարանի ծիրէն ներս իրենց գործունէութիւնը ծաւալող երիտասարդ գիտնականներու, ինչպէս նաեւ ասպիրանտներու, հայցորդներու գիտական, ստեղծագործական, կրթական գործընթացի արդիւնաւէտ ապահովումը, աջակցումն ու խթանումը եւ երիտասարդ գիտնականներու ներգրաւումը գիտաուսումնական, գիտահետազօտական աշխատանքներու մէջ:
«Մենք շատ կը սիրենք ճանապարհորդել, շրջագայած են շատշատ երկիրներ, բայց այստեղ ամէն ինչ հարազատ է: Մատենադարանին մէջ մենք մեզ զգացինք ինչպէս հարազատ օճախի մէջ, տեսանք, շփուեցանք շատ երիտասարդներու հետ: Ուրախ ենք տեսնելու երիտասարդ գիտնականներու աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը ձեր աշխատանքներուն: Մենք բարձր կը գնահատենք ձեր կատարած աշխատանքը, եւ ի սրտէ կը մաղթենք, որ այս հիմադրամը ծառայէ երիտասարդ գիտնականներու գիտելիքներու եւ հմտութեան համալրման ուղղուած ծրագիրներուն»,- ըսած է Պէաթրիս Ղրտեան` նշելով, որ հիմնադրամը ստեղծուած է այդ իսկ նպատակով:
Մէկ տարի առաջ` 2014թ. Հոկտեմբերին հայրենիք ժամանած Մարիա եւ Պէաթրիս Ղրտեանները Մատենադարանին նուիրաբերած են իրենց ընտանիքին պատկանող տպագիր եւ ձեռագիր գիրքերու ճոխ հաւաքածուն (հինգ ձեռագիր, որոնցմէ մէկը 17-րդ դարուն գրուած Աստուածաշունչ մատեան է, իսկ միւս չորսը արաբատառ ձեռագրեր, եւ շուրջ 144 կտոր հնատիպ գիրքեր` մեծ մասամբ 17-18-րդ դարերու հայ գրքարուեստի երախայրինքներ): Բացի վերոյիշեալ հազուագիւտ գիրքերէն, վերջերս Մատենադարան հասած է նաեւ Ղրտեան քոյրերու կողմէն նուիրաբերուած պատմամշակութային արժէք ներկայացնող հայկական երկու թանկարժէք գորգ: Մատենադարանի ֆոնտերը հարստացուցած այս կարեւոր հաւաքածուն, նուիրատուների ցանկութեամբ Մատենադարանին յանձնուած է ի յիշատակ իրենց վաղամեռիկ եղբօր` մասնագիտութեամբ բժիշկ Ռուբէն Ղրտեանի: «Հիմա, որ այդ բոլորը իրենց ապահով տեղը գտան, հանգստացանք, Ռուբէնի սիրտն ալ հանգստացաւ»,- ըսած են Ղրտեան քոյրերը:
Այսպէս, մէկ տարուան նախապատրաստական աշխատանքներէն յետոյ պաշտօնապէս բացուած է նաեւ Ղրտեան ընտանիքի կողմէն ստեղծուած հիմնադրամը: Ներկայիս Մատենադարանի մէջ կ՝իրականացուին բազմաթիւ գիտամշակութային, կրթական ծրագիրներ: Գիտական ծրագիրներու զգալի մէկ մասը կ՝իրականացուի երիտասարդ մասնագէտներու կողմէ, որոնց թիւը բաւական աճած է վերջին տարիներու ընթացքին եւ որոնց հետ Մատենադարանը մեծ յոյսեր կը կապէ: Անոնց աշխատանքները խթանելու, ուղղորդելու համար անհրաժեշտ են յաւելեալ նիւթական միջոցներ: Եւ այս առումով աւելի կարեւոր կը համարուի այս հիմնադրամին ստեղծումը: Հիմնադրամը պիտի ձգտի նաեւ միջոցներ ներգրաւել այլ աղբիւրներէ, ինչպէս` միջազգային նուիրատու կազմակերպութիւններէ եւ անհատներէ: