Թրքական «Sabah» թերթը փորձած է աղաւաղել Զօրավար Անդրանիկի կերպարը

Թրքական «Sabah» իշխանամէտ թերթի կայքը իր աւանդական հակահայկական քարոզչութեան ծիրէն ներս այս անգամ  անդրադարձած է Զօրավար Անդրանիկի կերպարին, կը գրէ ermenihaber.am-ը:

Կայքը զօրավարի նկարներուն զուգահեռ տեղադրուած նիւթերուն մէջ կը  նշէ, որ Անդրանիկ Օզանեան եղած է հայ պարտիզաններու առաջնորդն ու ռուսական բանակի կազմին մէջ հայ կամաւորականներու զօրամիաւորումներու հրամանատարը:

Այնուհետեւ կ’անցնի զօրավարի կերպարի սեւացման` անոր մեղադրելով Օսմանեան կայսրութեան մէջքէն հարուածելու, խաղաղ բնակչութեան ջարդեր իրականացնելու մէջ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք նաեւ Sabah-ի հրապարակած լուսանկարները.

 

Scroll Up