«Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» թեմայով համաժողովը ամփոփեց իր աշխատանքները

Յուլիս 30-ին ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ աշխատանքները շարունակեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ՀՀ ԳԱԱ Հր. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի նախաձեռնութեամբ իրականացուող «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրներ» թեմայով համաժողովը:

Նիստը կը վարէին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան եւ  Պէյրութի «Բագին» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Պալեան:

ՀՀ ԳԱԱ  Հր. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի Սփիւռքի բաժինի արեւմտահայերէնի խումբի աշխատակից Սուսաննա Տիոյեան համաժողովի մասնակիցներուն ներկայացուց Լոս Անճելըսի խումբի ուղերձը (ղեկավար` Արտէմ Սարգսեան): Ողջունելով համաժողովը կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը` hեղինակները կ’արծարծեն իրենց պատկերացմամբ հայոց լեզուի երկու ճիւղերու մերձեցման խնդիրներն ու ուղիները, անոնք կը կարծեն, որ մերձեցումը գերազանցապէս կ’առնչուի բառապաշարի ոլորտին, տերմինաբանութեան, նորաբանութիւններու ոլորտին մէջ կիրառուելիք սկզբունքներուն, ուղղագրութեան եւ լեզուական այլ իրողութիւններու: Անոնք համոզում կը յայտնեն, որ գործընթացքը պէտք չէ կայանայ լեզուի ճիւղերէն որեւէ մէկուն հաշուին: Խումբը իր պատրաստակամութիւնը կը  յայտնէ աջակցելու արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման նպաստող ձեռնարկներուն:

Սուսաննա Տիոյեան ներկայացուց նաեւ իր` «Արեւմտահայերէնի ուսումնասիրութեան քանի մը հարցեր» թեմայով զեկուցումը:

ՀՊՄՀ հայոց լեզուի տարրական ուսուցման ամպիոնի վարիչ Աշոտ Գալստեան անդրադարձաւ արեւելահայերէն գեղարուեստական վաւերագրութեան արեւմտահայերէն տարրերուն:

Լիբանանահայ գրող, մանկավարժ, արեւմտահայերէն դասագիրքերու հեղինակ Յարութիւն Քիւրքճեանի «Արեւելաայերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուաճիւղերու. Մերձեցումի կարելին ու անկարելին» թեմայով զեկուցումը ընթերցեց Փարիզի «Նոր յառաջ» թերթի խմբագիր Ժիրայր Չօլաքեան: Զեկուցման հեղինակը` վկայակոչելով սեփական փորձը, կ’ուղենշէ մերձեցման հնարաւորութիւնները, որոնք հիմնուած են հայոց լեզուի եւ հայ մշակոյթի անվիճելի միասնութեան եւ անոր անցած բազմադարեայ պատմութեան վրայ:

ՀՊՄՀ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի աշխատակից Քնարիկ Աբրահամեանի զեկուցումը կ’առնչուէր հանրակրթական դպրոցին մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդման արդի մարտահրաւէրներուն, ան ներկայացուց խնդիրի վերաբերեալ իր դիտարկումները:

«Այլ կերպ» խաղի հեղինակներ Էլինա Մելիքեան, Անահիտ Յակոբեան եւ Սոֆեայ Խաչատրեան (ԵՊՀ) պատկերաշարով ցուցադրեցին մտաւոր-ժամանցային խաղերու միջոցով հայերէնի պահպանման ու կիրառման միտուած իրենց ծրագիրը:

Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներուն մէջ արեւմտահայերէնի դասաւանդման խնդիրներուն վերաբերեալ զեկուցումով հանդէս եկաւ ԵՊԼՀ դասախօս Գայեանէ Գէորգեան:

Ելոյթ ունեցան նաեւ սփիւռքեան կրթօճախներու ուսուցիչներ` Փարիզի «Մկնիկ» աշխատանոցի տնօրէն Արմինէ Գրիգորեան («Արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի միատեղ եւ զուգահեռ շփումն ու զարգացումը») եւ Լիբանանի Զմմառի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի եւ Ս. Միքայէլ Ընծայարանի ուսուցչուհի Սօսէ Փիլաւճեան («Միթէ վերջին պոյետն եմ ես». Մայրենին անաղարտ պահել»):

ԵՊՀ հայոց լեզուի ամբիոնի ասպիրանտ Մայրանուշ Շահումեան անդրադարձաւ արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի մերձեցման ու միաւորման վերաբերեալ տարբեր լեզուաբաններու մօտեցումներուն, բանավէճերուն ու կարծիքներուն, մասնաւորապէս խնդիրին վերաբերեալ Հր. Աճառեանի աշխատութիւններուն մէջ տեղ գտած ուսումնասիրութիւններուն ու արծարծումներուն:

Զեկուցումներու շարքը եզրափակուեցաւ ՀՀ ԳԱԱ լեզուի ինստիտուտի գիտաշխատող Անահիտ Քարտաշեանի «Դիտարկումներ արդի արեւմտահայ իրականութեան մէջ գործառուող անձնանուններու վերաբերեալ» հետազօտութեան ներկայացմամբ:

Տեղի ունեցաւ շահագրգիռ քննարկում:

Համաժողովի աշխատանքներուն վերաբերեալ ամփոփիչ խօսքով հանդէս եկան իրենց տպաւորութիւնները, դիտողութիւններն ու առաջարկները ներկայացուցին Սուրէն Դանիէլեան, Հիլտա Փանոսեան-Գալֆայեան, Նշան Որբերեան, Յակոբ Պալեան, Ժիրայր Չօլաքեան, Մանուէլ Ադամեան եւ այլք:

Մասնակիցներու հարցերուն պատասխանեցին սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեան եւ ՀՀ ԳԱԱ Հր. Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի տնօրէն Վիկտոր Կատվալեան:

Ամփոփիչ խօսքով հանդէս եկաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց համաժողովի մասնակիցներուն, որ ընդառաջեցին հրաւէրին եւ իրենց փորձը, կարողութիւններն ու հնարաւորութիւնները ներդնելու պատրաստակմութեամբ եկան մասնակցելու այս չափազանց կարեւոր ձեռնարկին, հանդէս եկան դիտողութիւններով, առաջարկութիւններով ու նոր գաղափարներով, աշխուժօրէն մասնակցեցան քննարկումներուն:

Նախարարը նշեց, որ սա սկիզբ էր, թերեւս առաջին գործնական քայլն էր, որ եղաւ հայոց լեզուի երկու ճիւղերու մերձեցման ուղղութեամբ: Խնդիրի լուծման նպատակով յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ երեք տարբեր յանձնախումբերու ստեղծումը, որոնք` օգտագործելով տեղեկատուական արդի հնարաւորութիւնները կ’աշխատին տարբեր եղանակներով, նիստերու կը հրաւիրեն, կը կազմակերպեն քննարկումներ, կը հրապարակեն յօդուածներ եւ կը ներկայացնեն  առաջարկներ ու խնդիրներու լուծման ուղիներ:

nn1n2n3n4n5

 

Scroll Up