Ախալքալաքի Մէջ Բացուած է ՋԱՀ-ի Գրասենեակը

Յուլիս 25-ին Ախալքալաքի մէջ բացուած է «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամի Վրաստանեան ներկայացուցչութեան գրասենեակը: Այս մասին կը յայտնէ akhaltskha.net-ը:

Նախքան ՋԱՀ-ի գրասենեակին բացումը Կարծախի մէջ տեղի ունեցած է Ջիւանիի տուն-թանգարանի հիմնարկեքի արարողութիւնը: Երկու արարողութիւններուն ալ ներկայ էին բազմաթիւ հիւրեր, ինչպէս Սամցխէ-Ջաւախքի ամբողջ շրջանէն, Թիֆլիսէն այնպէս ալ Հայաստանէն:

ՋԱՀ-ի գործադիր տնօրէն Աշոտ Յակոբեան Ջիւանիի տուն-թանգարանի հիմնարկեքի արարողութեան ժամանակ ըսած է հետեւեալը․ «Ջիւանու նկատմամբ սերունդների պարտքը այսօր կատարւում է: Կարծում եմ, նրա լուսաւոր հոգին այսօր ուրախութեան եւ յուզմունքի պահէր է ապրում»:

«Ջաւախքին Աջակցութիւն» հիմնադրամի առաքելութիւնն է նպաստել Վրաստանի Սամցխէ-Ջաւախք նահանգի եւ Ծալկայի շրջանի հայութեան հասարակական կեանքի տարբեր ոլորտներու զարգացման եւ հայ-վրացական համագործակցութեան:

Հիմնադրամի ղեկավար մարմիններու խօսքերով` ներկայացուցչութեան բացումը գործնական քայլ է եւ անոնց կարծիքով ատիկա պիտի նպաստէ կարճ ժամանակահատուածի մէջ շօշափելի յառաջընթաց արձանագրելուն:

Scroll Up