Հակառակորդը Շաբաթավերջին Հրադադարը Խախտած է Շուրջ 320 Անգամ

Հանգստեան օրերուն ատրպէյճանական բանակի ստորաբաժանումները շարունակած են աշխոյժօրէն խախտել հրադադարը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանի ողջ երկայնքով: Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը։

ՊԲ օպերատիւ տուեալներուն համաձայն՝ նշուած ժամանակահատուածին հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 320 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային եւ հրետանային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 5000 կրակոց:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն իբրեւ արդիւնք` հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները լռեցուած են:

Scroll Up