Վերջին Հրաժեշտ` Սարգիս Կիրակոսեանին

23 յուլիս 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը լիբանանահայ անուանի մտաւորական եւ բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեանի` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ հանգուցեալին ընտանեկան պարագաներուն, կուսակցական եւ միութենական ընկերներուն ու գրչակիցներուն:

Առաջնորդ սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ վեր առաւ հանգուցեալ մտաւորականին ու գրողին վաստակը` կենսագրական հակիրճ տեղեկութիւններ ներկայացնելով: Ապա, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, առաջնորդ սրբազանը յետ մահու Սարգիս Կիրակոսեանը պարգեւատրեց «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

Այնուհետեւ հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր դամբանական խօսքեր ուղղեցին Յակոբ Հաւաթեան (յանուն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի), Խաչիկ Տէտէեան (յանուն Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ լիբանանահայ մտաւորականութեան) եւ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան (յանուն ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան):

Յայտնենք, որ դամբանական խօսքերը յառաջիկային լոյս կ՛ընծայենք ամբողջութեամբ:

Այս մասին յայտնած է Ազդակ:

Scroll Up