ՀՀ ԱԳՆաշարարի յայտարարութիւնը՝ Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ

Դեռ տասնեօթ տարի առաջ Պելճիքայի Ծերակոյտը յատուկ բանաձեւով ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Պելճիքայի վարչապետը ս.թ. Յունիս 18-ին վերահաստատեց Հայոց ցեղասպանութեան միանշանակ ճանաչման վերաբերեալ կառավարութեան դիրքորոշումը։ Այս մասին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն:
Այսօր Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէն ընդունուած՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը կ’ամբողջացնէ Պելճիքայի կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը։
Ողջունելի է Պելճիքայի Թագաւորութեան օրէնսդիր եւ գործադիր իշխանութիւններու կողմէն Հայոց ցեղասպանութեան աներկբայ ճանաչումը: