Թուրքիան կը զինէ Սուրիոյ հետ սահմանը

Թուրքիոյ Տիարպեքիր քաղաքի մէջ գտնուող ԶՈՒ 7-րդ բանակային կորպուսէն մեծ քանակութեամբ զինուորական մեքենաներ  եւ զինամթերք տեղափոխուած է թուրք-սուրիական սահմանային գօտի:

Թրքական «haberler» լրատուամիջոցի հաղորդմամբ` կը գրէ ermenihaber.am-ը, նման զարգացումները պայմանաւորուած են թուրք-սուրիական սահմանի մօտ վերջին շրջանին «Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան եւ Սուրիոյ քրտական զօրամիաւորումներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներով:

Կը նշուի, որ անվտանգութեան նկատառումներէն մեկնելով` Թուրքիոյ քրտաբնակ Մարտին նահանգ ուղարկուած է 40 զինուած պահակախումբ: Մարտին տեղափոխուած են  նաեւ            « Kobra » տիպի զինուորական մեքենաներ:

Scroll Up