Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի առիթով կը վերանորոգեն յուշահամալիրը
Հայաստանի մէջ պիտի վերանորոգեն Մուսա լերան հերոսամարտին նուիրուած յուշահամալիրը: Համապատասխան որոշումը կառավարութիւնը կայացուցած է այսօր` Յուլիս 23-ին տեղի ունեցած իր նիստի ընթացքին: Վերոնորոգման աշխատանքները պիտի համակարգէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Այդ նպատակով այս տարի պիտի յատկացուի 35 միլիոն դրամ:
Յուշահամալիրի հետ միասին պիտի վերանորոգուի նաեւ մուսալեռցիներու հերոսամարտի ազգագրութեան թանգարանը:
Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակի առթիւ Սեպտեմբերին շարք մը մշակութային ձեռնարկներ նախատեսուած են:
Մուսալեռցիներու ինքնապաշտպանութիւնը տեղի ունեցած է 1915 թուականին, երբ Մուսա լերան հայկական գիւղերու բնակչութիւնը հրաժարած է ենթարկուելէ հայերու տեղահանման վերաբերեալ որոշումին եւ 53 օր, առանց դուրսի որեւէ օգնութեան, ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպած օսմանեան կանոնաւոր զօրքերու դէմ: Ի վերջոյ, մուսալեռցիներուն օգնութեան հասած են ֆրանսական նաւերը, որոնք զանոնք տեղափոխած են Եգիպտոս: