Թուրք Ազգայնականը, Որ Կը Սպառնար Սուրիոյ Մէջ Կտրել Հայերու Գլուխները, Սպաննուած Է

Թուրքիոյ ազգայնական «Ուլքու օճաքլար» (Իդէալիստական օճախներ) կազմակերպութեան անդամ Պուրաք Միշինճին, որ մեկնած էր Սուրիա` կռուելու, սպաննուած է Սուրիոյ ազգային պաշտպանական  ուժերուն կողմէ:

Ըստ Ermenihaber.am-ին՝ թրքական «Demokrathaber» լրատուական կայքը կը գրէ՝ Միշինճին նախքան Սուրիա մեկնիլը յայտարարած էր, որ «կ՛երթայ հայերու եւ ալեւիներու գլուխները կտրելու»: Ան սպաննուած է Սուրիոյ Լաթաքիոյ շրջաններէն մէկուն մէջ տեղի թուրքմէններու եւ Սուրիոյ Ազգային պաշտպանական ուժերու միջեւ տեղի ունեցած բախումի ժամանակ:

Թուրքիոյ մէջ Միշինճիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Սթամպուլի մէջ: Վերջինիս  թաղման մասնակցած են Միշինճիի ընտանիքը, Թուրքիոյ «Ազգայնական շարժում» (MHP) կուսակցութեան Սթամպուլի պատգամաւոր Մերալ Աքշեները, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան բարձր պաշտօններ զբաղեցնող անձիք: Ներկայ եղած են նաեւ թուրքմէններ:

Յիշեցնենք, որ «Իդէալիստական օճախներ» ազգայնական ծայրայեղական կազմակերպութեան Կարսի մասնաճիւղի ղեկավար Թոլկա Ատըգիւզելը քննադատած էր աշխարհահռչակ ճազ-երաժիշտ Տիգրան Համասեանի տուած համերգը հայկական պատմական մայրաքաղաք Անիի մէջ: Ան նաեւ հանդէս եկած էր սպառնալիքներով, նշելով, որ իրենց կազմակերպութիւնը Կարսի փողոցներուն մէջ «որս» պիտի սկսի հայերուն դէմ, եթէ իրենց համբերութեան բաժակը լեցուի:

 

Scroll Up