Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի մէջ մեկնարկած է «Ջաւախքի ճամբար» ծրագիրը

Արդէն չորրորդ տարին է, Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնի մէջ կ’իրականացուի “Ջաւախքի ճամբար” ծրագիրը: Ջաւախք ճամբարը կը կազմակերպուի Հայ Օգնութեան Միութեան նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսական աջակցութեամբ: Ըստ akhaltskha.net-ի` այս տարի ջաւախահայ երեխաներու եւ պատանիներու համար ճամբար կազմակերպուած է Ախալքալաքէն ու Ախալցխայէն բացի` նաեւ Նինոծմինդայի եւ Ծալկայի մէջ:
Ախալքալաքի մէջ ճամբարի մեկնարկը տրուեցաւ Յուլիս 20-ին եւ պիտի տեւելէ մինչեւ Օգոստոս 2-ը: Ճամբարին կը մասնակցին 8-14 տարեկան 115 երեխայ, ովքեր ըստ տարիքային պատկանելութեան բաժանուած են 3ջոկատի` Կարմիր, Կապոյտ եւ Ծիրանագոյն: Ջաւախք ճամբարը սպասուած նախաձեռնութիւն է Ախալքալաքի մէջ, հետաքրքրական ու բովանդակալից կը դարձնէ երեխաներու առօրեան: Յատկանշական է, որ Ջաւախքցի երիտասարդներն ալ մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն ճամբարի նկատմամբ եւ Ամերիկայէն եկած խմբապետներուն կկ’աջակցին երեխաներու հետ տարուող աշխատանքներուն:
Մասնակիցները ունին շատ խիտ առօրեայ, որ կը ներառէ ազգային երգի ու պարի ուսուցում, ծանօթացում անուանի ջաւախահայերու կենսագրութեան ու ազգային գործունէութեան, մարզական ձեռնարկներու կազմակերպում: Օրուան աւարտին մասնակիցները կը բաժանուին յաջորդ օրուայ ճամբարային ակնկալիքներով լեցուն:
Աննա Գևորգյան