Օծուեցաւ Նոր Հաճըն քաղաքի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին

Յուլիս 22-ին, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի, տեղի ունեցաւ Նոր Հաճըն քաղաքի նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Այս մասին կը յայտնեն Մայր աթոռի տեղեկատուական համակարգէն:

Եկեղեցին, որուն  հիմնարկեքը կատարուած էր 2011 թուականին, կառուցուած է Գագիկ Ծառուկեանի բարերարութեամբ: Եկեղեցւոյ նախագիծի հեղինակն է ՀՀ վաստակաւոր ճարտարապետ Արտակ Ղուլեանը:

Ամենայն Հայոց Հայրապետն ու ՀՀ նախագահը  եկեղեցւոյ առջեւ դիմաւորեցին Կոտայքի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Առաքէլ արքեպիսկոպոս Քարամեանը, եկեղեցւոյ բարերար Գագիկ Ծառուկեանը, Կոտայքի մարզպետ Կարապետ Գուլոյեանը, Նոր Հաճընի քաղաքապետ Գագիկ Մաթեւոսեանը եւ բազում ուխտաւոր հայորդիներ:

 Նորին Սրբութիւնը, իր հայրապետական օրհնութիւնը բաշխելով ներկաներուն, հոգեւորականաց դասի ուղեկցութեամբ մուտք գործեց նորակառոյց եկեղեցի, ուր սկսաւ եկեղեցւոյ օծման կարգը:

  Շարականներու եւ սաղմոսներու երգեցողութենէն, աղօթքներու ընթերցումէն ետք խորան բարձրացուեցաւ Սրբալոյս Միւռոնը, որով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կատարեց եկեղեցւոյ Ս. Սեղանի օծումը: Խորանի սիւներու, Մկրտութեան ս. աւազանի եւ խորանի շուրթի օծումը կատարուեցաւ ձեռամբ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիւանապետ Գերաշնորհ Տ. Արիս արքեպիսկոպոս Շիրվանեանի, Արարատեան Հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Նաւասարդ արքեպիսկոպոս Կճոյեանի, Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի, Տաւուշի թեմի առաջնորդ եւ Մայր Աթոռի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Բագրատ եպիսկոպոս Գալստանեանի եւ Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանի:

Օծումէն ետք կատարուեցաւ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Վեհափառ Հայրապետը նորակառոյց եկեղեցին կոչեց Ս. Ամենափրկիչ:

Այնուհետեւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը այս ուրախալի առիթով իր օրհնութեան պատգամը բերաւ արարողութեան մասնակիցներուն եւ Նոր Հաճընի բնակիչներուն:

“Մեծ է բոլորիս ուրախութիւնն այսօր. Հայոց Աստուածօրհնեալ երկնակամարի ներքոյ նոր աղօթատուն մը` Նոր Հաճընի շքեղաշուք Սուրբ Ամենափրկիչ այս եկեղեցին, իր դռները կը բանայ հաւատաւոր մեր ժողովուրդի առջեւ: Գոհութիւն կը մատուցենք Երկնաւոր Տիրոջը, որ հերթական անգամ Մեզի առիթն ու հնարաւորութիւնը կ’ընձեռէ կատարելու նորակառոյց եկեղեցւոյ օծման հոգենորոգ արարողութիւնը”,-ըսաւ Գարեգին Բ. Հայրապետը:

03 04 05 06 07 024

Scroll Up