@Karabakh_MoD. Արցախի պաշտպանութեան բանակը էջ բացած է Twitter-ի վրայ

Արցախի պաշտպանութեան բանակը էջ բացած է Twitter ցանցին վրայ:
Այս կերպ կառոյցը իր թուիթ-հաղորդագրութիւններու միջոցով գործնական կերպով կը տեղեկացնէ կարեւոր իրադարձութիւններուն մասին եւ կը հակազդէ ատրպէյճանական քարոզչութեան` կը գրէ Արցախփրէսը:
@Karabakh_MoD էջն առայժմ ունի 42 հետեւորդ: Իր առաջին եւ առ այժմ միակ հաղորդագրութեամբ էջը անգլերէնով կը տեղեկացնէ Արցախի դիրքերուն հանդէպ ատրպէյճանական անթոյլատրելի զինուած աշխուժութեան մասին: