Խորհրդակցական Հանդիպում Արամ Ա. Կաթողիկոսին Եւ Եթովպիոյ Մատթէաս Պատրիարքին Միջեւ

Երեքշաբթի, 21 յուլիս 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ խորհրդակցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Եթովպիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ապունա Մատթէաս պատրիարքին միջեւ:

Հանդիպման ներկայ էին Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, կաթողիկոսարանի դիւանապետ Խաչիկ Տէտէեան եւ Կալուածոց յանձնախումբի անդամ Վահէ Գալինճեան: Իսկ Եթովպիոյ եկեղեցւոյ կողմէ պատրիարքին կողքին ներկայ էին պատրիարքին օգնական երկու եպիսկոպոսներ, Միջին Արեւելքի եթովպիական համայնքներու առաջնորդը եւ Լիբանանի մէջ Եթովպիոյ դեսպանը:

Շուրջ ժամ մը տեւած խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Եթովպիոյ ուղղափառ քոյր եկեղեցւոյ յարաբերութեանց առնչուած ծրագիրներ: Շեշտուեցաւ երկու եկեղեցիներուն գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու հրամայականը: Հանդիպման ընթացքին նաեւ քննարկուեցան Լիբանանի մէջ հաստատուած եթովպիական համայնքին հետ աղերս ունեցող օրինական, վարչական, տնտեսական եւ հովուական շարք մը հարցեր: Յայտնենք, որ նկատի ունենալով, որ Լիբանանի մէջ հաստատուած եթովպիական համայնքը ցարդ իրաւական ճանաչում չունի, իբրեւ քոյր եկեղեցի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը հովանաւորէ համայնքը` իրաւական ու հովուական գետնի վրայ:

Scroll Up