«Պէտք Է Մերկացնենք Հայկական Քարոզչութիւնը». Ալիեւ

«Մենք պէտք է մերկացնենք հայկական քարոզչութիւնը, միջազգային հանրութիւնը տեղեկացնենք, թէ այդ յարձակումները ինչ նպատակներով կ՛իրականացուին», 21 Յուլիսին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ արձագանգելով իր երկրին մէջ մարդու իրաւունքներու վիճակին առնչուած միջազգային ահագնացող քննադատութեան:

Ատրպէյճանի մամլոյ խորհուրդի վարչութեան անդամներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին Ալիեւ իրենց դէմ եղած «հայկական լոպիի այդ գործունէութիւնը» բացատրած է առաջին հերթին «թշնամանքով». «Մենք հայկական լոպիին մնայուն թշնամիներն ենք, թող ոչ ոք երբեւիցէ մոռնայ ասիկա»:

Բացի ատկէ, ըստ անոր, «հայկական լոպին կը ձգտի ապացուցել, որ, իբր թէ Ատրպէյճանի մէջ չկայ ժողովրդավարութիւն»: «Հայկական լոպին կը ձգտի ապացուցել, որ, իբր թէ Ատրպէյճանի մէջ կ՛ոտնակոխուին մարդու իրաւունքները, այդպիսով՝ հայկական փոքրամասնութիւնը ապագային չի կրնար ապրիլ Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Ասիկա լիովին անհեթեթութիւն է: Ատրպէյճան բազմազգ եւ բազմադաւան երկիր է», «ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան համաձայն, յայտնած է Ալիեւ:

«Այդ քարոզչութեան եւ հակաատրպէյճանական արշաւին ետին կրկին կանգնած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը, այդ պատճառով մենք պէտք է աշխարհի լրատուական–տեղեկատուական միջոցներուն ներկայացնենք Ատրպէյճանը որպէս ժամանակակից, զարգացող, բաց, հանդուրժող երկիր: Ատոր զուգահեռ, մենք պէտք է լայնօրէն լուսաբանենք Լեռնային Ղարաբաղի հայ–ատրպէյճանական հակամարտութեան պատմութիւնը, պատմական իրողութիւնները, Ատրպէյճանի դիրքորոշումը եւ ընդհանուր առմամբ այսօրուան դրութեամբ ստեղծուած իրավիճակը», յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը։

Scroll Up