Պէտք Է Առաւել Եւս Մտահոգուինք Էրտողանի Վտանգաւոր Գործողութիւններով, Քան՝ Անոր Խելացնոր Պատմութիւններով

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան վերջին տարիներուն լիովին կորսնցուցած է իր հեղինակութիւնը բազմաթիւ արտառոց պնդումներ ընելուն պատճառով: Օրինակ՝ նախորդ տարի Էրտողան Պոլիս այցելած խումբ մը լատինամերիկեան իսլամներու ըսած է, որ իսլամ ճանապարհորդները Ամերիկան յայտնաբերած են Քրիստոֆըր Քոլոմպոսէն աւելի քան 300 տարի առաջ:

«Կը պնդեն, որ Քոլոմպոս յայտնաբերած է Ամերիկա ցամաքամասը, 1492 թուականին: Իրականութեան մէջ, իսլամ նաւաստիները ամերիկեան ցամաքամաս հասան Քոլոմպոսէն 314 տարի առաջ՝ 1178 թուականին… Իր յուշագրութիւններուն մէջ Քրիստոֆըր Քոլոպոս կը նշէ Քուպայի ափամերձ բլուրին վրայ մզկիթի մը առկայութեան մասին: Այդ բլուրին վրայ մզկիթը այսօր շատ տեղին պիտի ըլլար», ըսած էր ան։

Երբ ամբողջ աշխարհի մէջ մարդիկ ծաղրանքի ենթարկեցին նախագահին անհիմն պնդումը, թուրք լրագրող Օրէյ Էկին պարզաբանեց, որ Էրտողան լրիւ խեղաթիւրած է այն, ինչ Քոլոմպոս գրած էր իր յուշերուն մէջ՝ Քուպայի մէջ լերան մը գագաթը բաղդատելով «գեղեցիկ մզկի»չի մը հետ: Թուրքիոյ ղեկավարը սխալմամբ եզրակացուցած է, որ Քոլոմպոս տեսած էր իսլամ նաւաստիներու կառուցած մզկիթը…

Էրտողանը ծաղրող բազմաթիւ կատակներէն մէկուն մէջ, մէկը հեգնանքով պնդած է, որ տիեզերագնաց Նիլ Արմսթրոնկ իր ինքնակենսագրականին մէջ գրած է. «Երբ մենք իջանք Լուսինի վրայ, տեսանք հոյակերտ շէնքի մը աւերակները: Ես ու Պազ Օլտրին շշմեցանք, երբ մօտեցանք այդ աւերակներուն: Անիկա խնամքով կառուցուած օսմանեան փոքրիկ մզկիթ մըն էր: Երբ վերադարձանք երկիր, ՆԱՍԱն եւ ամերիկեան կառավարութիւնը մեզի յանձնարարեցին այդ մասին լուռ մնալ»:

Թուրքիոյ ղեկավարին վերագրուող նման տարօրինակ յայտարարութիւնները կը շարունակեն յայտնուիլ համացանցին վրայ: Հաշուի առնելով յիմար պատմութիւններ յօրինելու Էրտողանի սովորութիւնը, բազմաթիւ անձեր հակամէտ են հաւատալու իրենց կարդացածներուն։

Ահա թարմ օրինակ մը. «Օսմանցիները առաջին Լուսին հասնողն են, կ՛ըսէ Թուրքիոյ նախագահը», կը գրէ Պարպարա Ճանսըն «Ուըրլտ Նիւզ Տէյլի Ռիփոր»չ թերթին մէջ: Ան մէջբերած է Էրտողանի խօսքերը. «Կ՛ըսեն, թէ Նիլ Արմսթրոնկ առաջին անձն էր, որ 1969 թուականին ոտք դրաւ Լուսինի վրայ: Իրականութեան մէջ, իսլամ տիեզերական ճանապարհորդները հոն հասած են անկէ 334 տարի առաջ՝ 1635 թուականին: Բոլորը գիտեն յայտնի օդաչու Լակարի Հասան Չելեպիի՝ «Օսմանեան տիեզերագնաց»ին մասին, որ առաջին յաջող հրթիռային թռիչքը կատարեց 1633 թուականին: Թերեւս դուք չէք գիտեր, որ երկու տարի ետք ան փորձեց հասնիլ Լուսին, որ հնարաւոր է բարեյաջող աւարտ ունեցաւ»:

Ըստ թրքական դիցաբանութեան՝ առասպելական օսմանցի օդաչու Լակարի Հասան Չելեպին 1633 թուականին ուղեւորուեցաւ 7 թեւանի հրթիռով, օգտագործելով շուրջ 60 քիլօ վառօդ: Թռիչքէն առաջ ան բացագանչեց. «Իմ սուլթան, օրհնեալ ըլլաք, ես կ՛երթամ Յիսուսի հետ զրուցելու»: Անոր հրթիռը ծովուն վրայ վայրէջք կատարելէ ետք, Չելեպին, իբր թէ լողալով, հասաւ ափ եւ ըսաւ. «Իմ սուլթան, Յիսուս իր ողջոյնը կ՛ուղարկէ ձեզի…»:

Լրագրող Ճանսըն շարունակեց իր տարօրինակ պատմութիւնը. «Նախագահ Էրտողանի զարմանալի յայտարարութիւնը որոշ շշնջոց ու քմծիծաղ յառաջացուց դահլիճին մէջ, եւ նման արձագանգ մը զայրացուց թուրք քաղաքական գործիչը: Ան խստօրէն քննադատեց թերահաւատները զինք ծաղրելուն համար՝ աւելցնելով, որ շուտով իր խօսքերը հաստատող ապացոյցներ կը ներկայացնէ. «Ինչո՞ւ չէք հաւատար: Որովհետեւ երբեք չէք հաւատացած, որ որեւէ իսլամ ունակ է նման բան ընելու…. Կրնայ ըլլալ, որ ՆԱՍԱն ոչնչացուցած է օսմանեան յաջողութեան բոլոր իրեղէն ապացոյցները «Ափոլոն-11» առաքելութեան ժամանակ, բայց մենք կը փորձենք որեւէ թաքցուած վկայութիւն գտնել»:

Ի հարկէ, Ճանսընի գրածը ճիշդ չէր: Էրտողան երբեք այդ խօսքերը չէ արտասանած: Սակայն, հետաքրքրական է, որ մեծ թիւով թուրքեր հաւատացին այս կեղծ պատմութեան եւ հետեւեալ մեկնաբանութիւնները տեղադրեցին՝ արձագանգելով Ճանսընի յօդուածին.

– Ալի Էմրէ Տեմիր. «Ցաւօք, ան մեր նախագահն է»:
– Պերքայ. «Սարսափելի է, երբ դու կ՛ապրիս այդ երկրին մէջ եւ ականատես կ՛ըլլաս այդ մարդու ըրածներուն ու կը տեսնես, թէ ան որքան մեծ թիւով աջակիցներ ունի: Խայտառակութիւն է»:
– Տենիզ. «Խեղճ թուրք աշխարհիկ ժողովուրդ… Այս Թայիփը Թուրքիոյ ամօթն է»:
– Հուսէյն. «Դուք չէք կրնար պատկերացնել, թէ մենք որքան կը տառապինք: Ան դաժան բռնապետ է…. Ան բոլորովին անարգանք է մեզի համար»:

Իրօք, Էրտողան մեծ խայտառակութիւն է միլիոնաւոր թուրքերու համար, որոնք կ՛ամչնան, որ նման նախագահ ունին: Ցաւօք, Թուրքիոյ նախագահի գործողութիւնները աւելի անողոք են, քան անոր խօսքերը. ան կը բանտարկէ լրագրողները, կը հրամայէ կրակել քաղաքացի ցուցարարներու վրայ, դատի կու տայ անոնց, որոնք համաձայն չեն իրեն, կը թաքցնէ կաշառակերութեան միջոցով ձեռք բերուած միլիոնաւոր տոլարները, աշխատանքէ կը հեռացնէ դատաւորներ ու իրաւապահ մարմիններու պաշտօնատարեր, որոնք կը մերժեն անոր ապօրինի հրահանգները կատարել, եւ կ՛աջակցի «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն Սուրիա եւ Իրաք ներթափանցումին:

Միջազգային հանրութիւնը պէտք է առաւել եւս մտահոգուի Էրտողանի սարսափելի գործողութիւններով, եւ ոչ թէ անոր զառանցանքներով…

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր

www.TheCaliforniaCourier.com

Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը

Scroll Up