Ոչ Եւս Է Լիբանանահայ Ներհուն Մտաւորական Եւ Բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան

Երէկ կէս գիշերին «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը ցաւով իմացաւ իր երկար տարիներու աշխատակիցին եւ վերջին ժամանակաշրջանին «Ազդակ»-ի գրական էջի խմբագրութիւնը վարած ներհուն մտաւորականին ու բանաստեղծին` Սարգիս Կիրակոսեանի մահուան գուժը:
Ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան կարկառուն դէմքերէն Սարգիս Կիրակոսեան եղած է «Բագին» գրականութեան եւ արուեստի հանդէսի փոխխմբագիր: Ան իր իւրայատուկ վաստակը ունեցած է արաբական գրականութիւնը հայերէնի թարգմանելու առումով: Կուսակցական պաշտօններ վարած է ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» եւ «Հ. Մարուխեան» կոմիտէութիւններուն մէջ: Վերջին ժամանակաշրջանին ան կը վարէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կրթական եւ հայագիտական բաժանմունքի վարիչի պաշտօնը: Ուսուցչական երկար տարիներու վաստակի տէր Սարգիս Կիրակոսեան հայ գրականութեան առարկան ուսուցանած է Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ: Եղած է նաեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ: 28 մայիս 2015-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանին: Պարգեւատրումը կատարուած է 9 յունիսին` Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ: Եղած է համահիմնադիր Լիբանանահայ գրողներու համախմբումին: Անդամ էր Հայաստանի գրողներու միութեան:
Սարգիս Կիրակոսեանի վաստակին եւ յուղարկաւորութեան մանրամասնութիւններուն կ՛անդրադառնանք յառաջիկայ օրերուն: