Սամուէլ Սեւեան «Սեւանայ լիճ» մրցաշարին կրկին մասնակցելու ցանկութիւն յայտնած է
Գեղարքունիքի մարզի Մարտունի քաղաքին մէջ իրականացուած ճատրակի միջազգային մրցաշարի աւարտէն յետոյ «Արմէնփրէս» ին հետ իր տպաւորութիւններով կիսուեցաւ մրցաշարի ամենակրտսեր մասնակից, ԱՄՆ-ը ներկայացնող մեր հայրենակից Սամուէլ Սեւեան:
«Իմ անյաջողութիւնս` նախավերջին տեղը գրաւելս, հիմնականին մէջ պայմանաւորուած էր մրցակիցներուս չափազանց բարձր կարգով: Անոնք, իրօք, շատ ուժեղ էին, եւ ես շատ բան ունեցայ սորվելու այս հանդիպումներէն: Կրնայի աւելի բարձր արդիւնքներ գրանցել, եթէ շարք մը անտեղի վրիպումներ թոյլ չտայի: Կը ցանկամ եկող տարի նոյնպէս մասնակցիլ այս մրցաշարին եւ պայքարիլ աւելի բարձր տեղերու համար»,նշեց Սամուէլ Սեւեան: Ամերիկահայ գրոսմայստերը իր խնդրանքը փոխանցած էր նաեւ Գեղարքունիքի մարզպետ, Գեղարքունիքի ճատրակի միութեան նախագահ Ռաֆիկ Գրիգորեանին, որ եւ մրցաշարի փակման արարողութեան ժամանակ յայտարարեց.«Մեր հայրենակից Սամուէլ Սեւեանն ինձ հարցնում է, թէ արդեօք եկող տարի էլ կը կայանայ Մարտունու մրցաշարը, եւ արդեօք ինքը կը կարողանայ նորից մասնակցել: Ես վստահեցնում եմ` որպէս մարզի եւ շախմատի ֆեդերացիայի ղեկավար, որ, այո, մրցաշարը կը կայանայ, որտեղ կրկին Սամուէլը կ’ունենայ իր մասնակցութիւնը, կը պայքարի յաղթողի կոչման համար»,-հաւաստիացուց մարզպետ Ռաֆիկ Գրիգորեան:
Խոսրով Խլղաթեան