Դէպի Երկիր. Հաղորդագրութիւն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/07/zom.jpg)
Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի երկիր» գործուղումները 11-րդ տարին ըլլալով ընթացք կ՛առնեն այսօր` Երկուշաբթի, 20 Յուլիս 2015-ին, Հայաստանի Կոտայք եւ Արցախի Քաշաթաղ մարզերուն մէջ` իբրեւ նշանաբան ունենալով «Կոտայքը իմ տունն է» եւ «Քաշաթաղը իմ տունն է»:
Գործուղումները, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ 1 Օգոստոս 2015, ունին յատուկ դաստիարակչական ծրագիր, ուղղուած` 8-էն 16 տարեկան պատանիներուն: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ պատմական, ազգային, մշակութային եւ ընկերային նիւթեր եւ աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ զանազան տեսակի խաղեր, երգեցողութիւն ու պարի դասընթացքներ:
Գործուղման նպատակն է կապ հաստատել հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ` մօտէն ծանօթանալով շրջաններուն եւ անոնց պէտքերուն, ինչպէս նաեւ գործի ընդմէջէն ՀՅ Դաշնակցութիւնը ծանօթացնել տեղի պատանիներուն:
Ճամբարը օրական դրութեամբ կը սկսի առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ կը տեւէ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00:
Այս տարի ԶՈՄ-ը 14 ընկեր-ընկերուհիներ կը գործուղէ 3 տարբեր շրջաններ` Կոտայքի մարզի (Հայաստան) Գառնի եւ Չարենցաւան շրջաններ, ինչպէս նաեւ Քաշաթաղ մարզի (Արցախ) Միջնաւանի շրջան: Արդէն իսկ ԶՈՄ-ական ընկերները կը գտնուին վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ եւ ամբողջացուցած են նախապատրաստական աշխատանքները:
Ընկերները կը հաղորդեն, որ մեծ խանդավառութիւն կը տիրէ շրջաններուն մէջ, իսկ օրէ օր ճամբարին մասնակցելու համար արձանագրուող պատանիներուն թիւը կ՛աճի: ԶՈՄ-ական ընկերներուն իրենց աջակցութիւնը կը բերեն Հայաստանի եւ Արցախի երիտասարդական միութեանց անդամները:
«Դէպի երկիր» գործուղման հետեւելու նպատակով, փափաքողները կրնան այցելել ԶՈՄ-ի «ֆէյսպուք»-ի էջին (Zavarian Student Association ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւն):