Սթամպուլի մէջ պիտի վերաբացուի Սուրբ Նշան հայկական եկեղեցին

Սթամպուլի Քարթալ շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավարներու խորհուրդի անդամներն ու եկեղեցւոյ հովիւ Գրիգոր Տամատեան այցելած են Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանին, tert.am-ի փոխանցմամբ` կը տեղեկացնէ Hye Tert-ը:

Սթամպուլի  արուարձանին մէջ գտնուող Սուրբ Նշան եկեղեցին փակուած էր 2 տարի առաջ` հայ համայնքի թիւի նուազելուն եւ վերանորոգման աշխատանքներու հետեւանքով:

Այժմ արդէն հիմնադրամի ղեկավար Յովհաննէս Սահակօղլուն եւ անոր ընկերները հաղորդած են, որ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները աւարտին կը մօտենան:

Հանդիպման ընթացքին որոշուած է հաւատացեալներու համար եկեղեցւոյ վերաբացումը կատարել 2015 թուականի Օգոստոս 8-ին:

Արամ Աթէշեան նշած է, որ Սուրբ Նշան եկեղեցին կարեւոր տեղ ունի հաւատացեալներու սրտերուն մէջ, եւ ողջունած է հիմնադրամի ղեկավարներն ու բարերարները` աշխատանքը աւարտին հասցնելու կապակցութեամբ:

 

Scroll Up