Բակօ Սահակեան ընդունած է Արցախ ժամանած սփիւռքահայ ուսանողները

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 18-ին ընդունած է «Դէպի Հայք» հիմնադրամի ծիրէն ներս աշխարհի տարբեր երկիրներէ Արցախ ժամանած քանի մը տասնեակ սփիւռքահայ ուսանողներ:
ԼՂՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ` հանդիպման ընթացքին արծարծուած են Արցախի պետականաշինութեան, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Ջերմ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ Նախագահ Սահակեան պատասխանած է ուսանողներու կողմէ բարձրացուած հարցերուն:
Երկրի ղեկավարը կարեւոր համարած է հիմնադրամին կողմէ իրականացուող աշխատանքները եւ նմանատիպ այցելութիւնները Արցախ` ատոնք համարելով համահայկական կապերու զարգացման ու սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան կարեւորագոյն գրաւականներէն մէկը: