Թորոնթոյի «Սուրբ Սահակ, Սուրբ Մեսրոպ» վարժարանի սաները` Հայաստանի մէջ

Թորոնտթօ քաղաքին մէջ գործող «Սուրբ Սահակ, Սուրբ Մեսրոպ» ազգային  շաբաթօրեայ վարժարանի շրջանաւարտներն ամէն  տարի  սուրբ Երրորդութիւն առաքելական եկեղեցւոյ  հովանաւորութեամբ կ’այցելեն պատմական հայրենիք: Ծրագիրը կը գործէ արդէն 6 տարի եւ հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ դպրոցականներուն տեսնել  պատմութեան դասագիրքերուն մէջ   կարդացածն ու  լսածը: Այս տարի  ծրագիրի ծիրէն ներս Հայաստան այցելած է 10 դպրոցական:

Սուրբ Սահակ, Սուրբ Մեսրոպ» շաբաթօրեայ ազգային վարժարանը կը գործէ Գանատայի  Թորոնթօ քաղաքին մէջ: Կրթօճախ, որուն նպատակն է օտար ափերու վրայ հայկականութեամբ ու հայկական աւանդոյթներով դաստիարակել սերունդներ: Թէեւ մէկ օր  աշակերտները կը  յաճախեն հայկական դպրոց, սակայն հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուչուհի Լուսին   Մանկասարեան կը վստահեցնէ, որ  քիչ ժամանակահատուածի մէջ կրնան երեխաներուն մէջ արթնցնել հայու ոգին եւ պահպանել ոսկեղինիկ հայերէնը:

Օտար ափերու վրայ հայկական ոգին պահպանելու, հայոց  պատմութեան յաղթական եւ, ինչու ոչ, նաեւ արիւնոտ էջերը   դպրոցականներուն ճշգրիտ ներկայացնելու համար  դպրոցին մէջ ձեռնարկներ   մշտապէս կը կազմակերպուին: Հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհիին խօսքով` հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան դպրոցականները  քաջածանօթ են:

Այս տարի  աշխարհի շատ ու շատ երկիրներու մէջ կազմակերպուեցան Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւններ: Գանատայի հայկական  այս վարժարանը եւս անմասն չէ մնացած:  Ապրիլ 24-ին Ճորճ Թաուն քաղաքին մէջ, ուր, ի դէպ,  ապաստանած են  հայոց ցեղասպանութենէն  մազապուրծ առաջին 109 որբերը , անմեղ զոհերու յիշատակութեան  արարողութիւններ  կատարուած են:

Դպրոցի  շրջանաւարտները արդէն 9 օր է  իրենց հանգիստը կ’իրականացնեն Հայաստանի մէջ: Սուրբ Երրորդութիւն առաքելական եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ դպրոցը աւարտած  սաները ուխտագնացութեան կու գան մայր հայրենիք` դասագիրքերու մէջ  կարդացածն ու  լսածը սեփական աչքերով տեսնելու: 10 շրջանաւարտներ առաջին անգամ հայրենիք կու գան:

Նախորդ տարիներու փորձը հաշուի առնելով` ուսուցչուհին վստահ է, որ  հայրենիքի մէջ  անցուցած  օրերը  երբեւէ չեն  ջնջուիր դպրոցականներու մտապատկերէն եւ այս այցելութիւնները կրնան դառնալ հայրենիքի մէջ մշտապէս բնակութիւն հաստատելու առհաւատչեայ:

Scroll Up