«Ոսկէ Ծիրան-2015» փառատօնի հիւրերը այցելեցին Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ

«Ոսկէ Ծիրան-2015» ֆիլմի փառատօնի հիւրերը Յուլիս 15-ին այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ուր անոնց ընդունած է թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան: Ան ողջունած է ներկաները, ապա տեղի ունեցած է յուշամետալներու յանձնման արարողութիւն: Աուրորա Մարտիկանեանի անուան յուշամետալով պարգեւատրուած են Յարութիւն Խաչատրեան, Ռալֆ Եիրիկեան եւ ամերիկացի բեմադրիչ Ռոպ Նիլսոն:

Ռոպ Նիլսոն NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսած է, որ սա իրեն համար մեծ անակնկալ էր եւ պատիւ: Բեմադրիչը այնքան յուզուած էր, որ չկրցաւ խօսիլ: Յուշամետալներու յանձնման արարողութենէն յետոյ հիւրերը շրջայց կատարեցին թանգարանին մէջ:

Scroll Up