Մեղրաձոր (կիսաւարտ հեքիաթ)

Մեղրաձորի մէջ այդ տարին երաշտ եղաւ: Ինչ լաւ էր կեանքը այդտեղ, սակայն երաշտէն ետքմարդիկ ուտելու հաց չգտան: Աղբիւրները չորցան, պարտէզները բերք չտուին, իսկ եղածներըմիջատները փճացուցին: Չէր բաւեր կարծես այս բոլորը, երբ Թթմաբերդի թալանճի Օսմանի աւազակները յարձակեցան Մեղրաձորի վրայ, հրոյ ճարակ ըրին ու կողոպտեցին շատ տուներ, փորձեցին այրել տաճարը:
Այդ տարիներուն ձմեռները շատ խիստ անցան, մարդիկ տաքնալու միջոցներ փնտռեցին,նոյնիսկ մագաղաթները այրեցին տաքցնելու համար մրսած երեխաները:
Հրեշտակաւան եւ Աշտարակ ապրող մեղրաձորցիներուն ցեղակիցները ալիւր, ձէթ եւ իւղ ղրկեցին որպէս օգնութիւն: Սակայն ի՞նչ կըրնար ընել կաթիլ-կաթիլ հոսող այս օգնութիւնը: Քօր Հասանի աւազակները սկսան գողութիւն ընել, Մեղրաձորի երիտասարդները գիշերները պահակութեան ելան:
Մօտակայ գիւղերու բնակիչները բախումներ ունեցան, ճերմակ բլուրն ու Յակոբաւանը թալանուեցան Օսմանի հրոսակախումբերուն կողմէ: Տաճարները քանդուեցան:
Մեղրաձորի մէջ կանթեղներուն ձէթն անգամ սպառեցաւ, մարդիկ հոգեպէս հիւանդացան:
Նզովք է մտածեցին անոնք:
Փռապան Սահակը առաւ ընտանիքը եւ մեկնեցաւ Սառաստան, իսկ մեծահարուստ Գասպարը` կըտրեց ծովը եւ ընտանիքը տարաւ Հարաւի տափաստան:
Ստացուած լուրերը հակասական էին, ոմանք կ՛ըսէին, թէ մեկնողները լաւ են եւ գոհ, իսկ ուրիշներ կը պնդէին, թէ դժգոհ են: Սակայն կասկած չկար, որ Լեռնածով գացողները դժգոհ էին, անոնցմէ շատեր խայտառակուեցան:
Յուսահատութիւնը բոյն դրաւ մեղրաձորցիներու հոգիներուն մէջ: Գիշեր մը մեծ ժողով մը գումարուեցաւ իշխան Աբոյին տան մէջ, ուր հաւաքուեցան բոլոր մեղրաձորցիները: Պէտք էր որոշուեր ելք մը, քիչ էին անոնք, որոնք կ՛ուզէին մնալ եւ դիմանալ Մեղրաձորի մէջ: Մեծամասնութիւնը կ՛ուզէր մեկնիլ, սակայն ո՞ւր… Երկար վիճաբանութիւններէ ետք որոշուեցաւ մեկնիլ Լեռնավայր, չէ՞ որ մեծ աղէտին երբ թալանճի Օսմանի մեծ հայրը աւերեց Լեռնավայրը եւ ցիր ու ցան ըրաւ ցեղը իրենք բախտակից եղան մեղրաձորցիներուն, վերջապէս ցեղակիցներ էին եւ նոյն լեզուն կը խօսէին. շատեր ալ արդէն կ՛ըսէին, թէ Լեռնավայրի մէջ կեանքը հեշտ է, հոն գետերը մեղր կը հոսին եւ մեղրաձորցիներուն լաւ օգնելու տրամադրութիւն կայ այդտեղ:
Որոշումը առնուած էր` մեկնիլ Լեռնավայր: Կարաւանը կազմուեցաւ, բեռցուցին նուաղած բոլոր էշերն ու ուղտերը, ով որ ինչ կրցաւ վերցնել առաւ իր հետ, կարաւանը շարժեցաւ:
Գիշերը բոլորը յոգնած էին, կանգ առին դաշտի մը մէջ, կրակ վառեցին եւ կերակուր պատրաստելու վրայ էին, երբ զգացին, որ դաշտին մէջ մարդկային շարժումներ կան: Սկիզբը վախցան, թէ թալանճի Օսմանին աւազակներն են, սակայն սուր ականջ ունեցողները ըսին, թէ անոնք մեղրաձորցիներու լեզուն կը խօսին: Ձայները հետզհետէ մօտեցան, հարց ու փորձ եւ պարզուեցաւ, թէ օտարները լեռնավայրցիներ են: Միասին ընթրեցին, մեղրաձորցիները զարմացած հարցուցին, թէ իրենք Լեռնավայր կ՛երթան, սակայն լեռնավայրցիները ինչո՛ւ կը ձգեն իրենց գիւղը եւ կը մեկնին… Լեռնավայրցիները պատմեցին, թէ հոն ալ կեանքը դարձած է անտանելի, իրենց քրմապետն ալ անտարբեր է գիւղացիներուն նկատմամբ, իսկ իշխանը մտահոգուած է միայն իր ընտանիքով, այս բոլոր պատճառներով անոնք որոշած են երթալ Արջաւան կամ Հրեշտակաւան:
Մեղրաձորցիները հիասթափուեցան: Իշխան Աբօն տխուր ոտքի կանգնեցաւ եւ հանգամանօրէն յայտարարեց.
-Սիրելի՛ մեղրաձորցիներ, երաշտը կրնայ երկար տեւել, ես անկարող եմ դիմադրելու տեսակաւոր աւազակներու, չեմ ալ կըրնար բոլորին փորը կուշտ պահել, Լեռնավայրի վիճակին մասին ալ լսեցիք, ուստի ազատ էք այլեւս, դո՛ւք ընտրեցէք ուր երթալ` Սառաստան, Լեռնաստան, Ջրաստան, Գիժաստան…կամ մնացէք այստեղ…կամ ուր որ կ՛ուզէք գացէք: Քուրմերուն եւ իշխաններուն վրայ վստահելու փոխարէն ձեր ուժերուն վստահեցէք եւ զիրար օգնեցէք, աստուածները ձեզի օգնական…Իսկ ինք նստաւ եւ շարունակեց ընթրիքը…
Ու մութին մէջ մարդիկ խումբ-խումբ ցրուեցան զանազան ուղղութիւններով:
Եւ երկինքէն երեք խնձոր ինկաւ…
Տոքթ.Ներսէս Սարգիսեան
Գանձասար