Հայ պատգամաւորը փոքրամասնութիւններու կրօնական տօներու վերաբերեալ նախագիծ կը ներկայացնէ թրքական մէճլիս

Քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» (HDP-ԺԴԿ) կուսակցութենէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան առաջարկած է Թուրքիոյ մէջ կրօնական փոքրամասնութիւններու տօներու ժամանակ եւս կիրառել այն օրէնքը, որուն համաձայն իսլամակական կրօնական տօներուն` Ռամազանի եւ Զոհաբերութեան տօնի օրերուն քաղաքացիները հնարաւորութիւն կը ստանան անվճար օգտուելու վճարովի կամուրջներէն ու ճանապարհներէն:
ermenihaber.am-ը կը գրէ, որ ըստ թրքական «cafesiyaset.com» կայքի` թեմայի վերաբերեալ Փայլան մասնաւորապէս ըսած է. «Ռամազանի եւ Զոհաբերութեան տօներու օրերուն Նախարարներու խորհուրդի որոշման համաձայն ճանապարհներն ու նեղուցներու կամուրջները անվճար կը դառնան օգտուողներու համար: Այդ որոշումը պէտք չէ անտեսէ այն ճշմարտութիւնը, որ Թուրքիոյ մէջ կ’ապրին նաեւ քրիստոնէական, հրէական, եզտիական եւ այլ համայնքներ:
Այս հողերուն վրայ ապրող հին ժողովուրդները պէտք է տօնեն ոչ միայն Ռամազանն ու Զոհաբերութեան տօնը, այլեւ`Սուրբ ծնունդը, Զատիկը, Ռոշ աշանան (հրէական) եւ Չարշեմա սորը (եզտիական):
Հայ պատգամաւորը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի յառաջիկային այս հարցի վերաբերեալ օրինագիծ ներկայացնել Թուրքիոյ խորհրդարան: