Արփի Աւանէսեան Կը Նշանակուի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեանի Տնօրէն

ՔԱՆՈԿԱ ՓԱՐՔ.- ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի խնամակալ մարմինը հաղորդագրութեամբ մը կը յայտնէ, որ տիկին Արփի Աւանէսեան-Իտոլորին նշանակուած է վարժարանի տնօրէն՝ փոխարինելով դպրոցի տնօրէնութիւնը 29 տարիներ ձեռնհասօրէն վարած Յակոբ Յակոբեանը:

Տնօրէնի ընտրութիւնը կատարուած է թափանցիկ գործընթացով ու հրապարակային քննարկումներով, որոնց մասնակցած են ծնողներ, ուսուցիչներ եւ աշակերտներ:

Ընտրութիւնը կեդրոնացած է լաւագոյն թեկնածուին՝ Արփի Աւանէսեանի վրայ: Ան 15 տարուան վարչական եւ մանկավարժական փորձառութիւն ունի: 2007էն ի վեր ան կը վարէր Լոս Անճելըսի Ընտանեկան վարժարանի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը՝ ղեկավարելով դպրոցի առօրեայ կրթական ու վարչական աշխատանքները:

Ա. Աւանէսեան պսակաւոր արուեստից երկու վկայական ունի քաղաքական գիտութեանց եւ պատմութեան ճիւղերուն մէջ, իսկ Նորթրիճի համալսարանէն ստացած է մագիստրոսի վկայական՝ երկրորդական վարժարաններու ուսուցման մէջ:

Այս մասին յայտնած է Ասպարեզ:

Scroll Up