Մենք կը պատռենք թուրքերու դիմակը. Սամուէլ Կարապետեան

Նորընծայ «Եղեռն եղեռնից յետոյ» գիրքը կրնայ դառնալ զէնք մը, որուն միջոցով հնարաւոր կ’ըլլայ պայքարիլ Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային յուշարձաններու ցեղասպանութեան դէմ:
Այս մասին այսօր գիրքի շնորհանդէսի ժամանակ ըսաւ Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի ղեկավար, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեան, կը գրէ Արցախփրէսը:
«Մեր ստեղծած աշխատութիւնը նպատակաուղղուած է իրազեկելու հայերուն եւ աշխարհի մարդոց մեր պատմական հայրենիքին մէջ մեր իսկ յուշարձաններուն հանդէպ եղեռնագործութեան մասին: Այս ձեւով մենք կը պատռենք կամ գոնէ պէտք է ձգտինք պատռել թուրքերու դիմակը` բարձրաձայնելով կատարուած ոճրագործութիւններուն մասին», – ըսաւ Սամուէլ Կարապետեան
Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի ղեկավարը տեղեկացուց, որ ծաւալուն հատորի ստեղծման մէջ մեծ ներդրում ունեցած են քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան, մշակոյթի նախարարութիւնը, «Մոնարխ» ընկերութիւնը եւ Հայաստան հիմնադրամը:
«Անցեալին կը կարծէի, որ կը հրատարակուի փոքր աշխատութիւն, սակայն յաջողեցանք տպագրել մեծածաւալ եռալեզու աշխատութիւն 2000 օրինակ տպաքանակով, որմէ փոքր մաս մը կը հանուի վաճառքի: Իսկ ծաւալուն գիրքի թուային օրինակները հասանելի են Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի կայքին մէջ», -ըսաւ Սամուէլ Կարապետեան:
Գիրքին մէջ ներառուած յուշարձաններէն 32-ը տեղ գտած են շարժական ցուցահանդէսին մէջ: «Հոգու պարտք» ՀԿ-ի հետ համագործակցութեան շնորհիւ եւ ՀՀ նախագահի դրամաշնորհային մրցոյթի միջոցով տպագրուած է նաեւ հակիրճ գրքոյկ:
«Ցուցահանդէսի գրքոյկին մէջ եւ աւելի մեծ ծաւալով բուն գիրքին մէջ կան ոչ միայն ոչնչացուած, այլ նաեւ խեղուած յուշարձաններ: Օրինակ, Անի քաղաքի զինանշանի նախնական տեսքին մէջ առկայ է խաչը, իսկ թուրքերը «վերականգման» ընթացքին այն ոչ միայն վերցուցած են ուղղանկիւն շրջանակի մէջ, որ կը բացակայէր, այլ նաեւ վերացուցած են խաչը: Գոյութիւն ունին այդ զինանշանի լուսանկարները` նկարուած մինչեւ 1920 թ.: Այսինքն, գրագէտ վերականգնում կատարելու ցանկութեան պարագային կարելի էր այն վերականգնել», – ըսաւ Սամուէլ Կարապետեան:
Յուշարձանագէտը նշեց, որ մեծ հատորին մէջ մշակութային ցեղասպանութեան խնդիրին առնչուող նիւթերու շարքին մէջ կայ Տիգրան Հոնենցի եկեղեցին, որուն գմբէթը վերականգնուած է թերի: Անոր հաւաստիացմամբ` ակնյայտ է, որ գմբէթը հնարաւոր էր վերականգնել ամբողջութեամբ, սակայն այդ պարագային ի յայտ կու գար խաչի տեղադրման հարցը, որ թրքական կողմին համար ցանկալի չէ:
Ինչպէս տեղեկացուց «Հոգու պարտք» ՀԿ ներկայացուցիչ Շողինէ Յովհաննիսեան, համագործակցութեան արդիւնքով 32 ցուցանմուշէ կազմուած ցուցահանդէսի բացումը Երեւանի մէջ տեղի կ’ունենայ Յուլիս 17-ին Ճարտարապետներու միութեան սրահին մէջ: Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Արեւմտեան Հայաստանի մշակութային եղեռնի ենթարկուած յուշարձանները: Ատկէ առաջ ցուցահանդէսը ներկայացուած է Ստեփանակերտի, Իջեւանի եւ Վանաձորի մէջ: Երեւանէն յետոյ ցուցահանդէսը կ’ուղեւորուի դէպի Պրիւքսէլ: