Պուխարեստի մէջ վախճանած է ռումանահայ գրող Գաբրիէլ Տիրատուրեան

Նախօրէին կեանքէն հեռացած է ռումանահայ գրող, Ռումանիոյ գրողներու միութեան անդամ Գաբրիէլ Տիրատուրեան/Gabriel Diradurian:

Գաբրիէլ Տիրատուրեան ծնած է 1944թ. Կոնստանցայի մէջ, ուսեալ հայ ընտանիքի մէջ: Անոր պապերը հարուստ վաճառականներ էին, որոնք համայնավարական տարիներուն ունեզրկուած էին: 1950-ական թուականներուն ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Պուխարեստ, լիցէյն աւարտելէ յետոյ յաճախած է տեղի Փոլիտեխնիկ համալսարանը, այնուհետեւ կիսատ ձգելով ուսումը  մտած է ռումանահայ «Նոր Կեանք» ամսագիրի խմբագրութիւն` որպէս պատասխանատու քարտուղար եւ սրբագրիչ: 1973-77թ. գրած է կարճ պատմուածքներ եւ վէպեր, որոնք մերժուած են ռումանական հրատարակչութիւններուն կողմէ, որուն պատճառով ան հեռացած  է Ռումանիայէն եւ մեկնած ԱՄՆ:

Լոս Անճելըսի մէջ ռումաներէնով եւ անգլերէնով հրատարակած է քանի մը արձակ գործեր եւ 19 տարի ԱՄՆ-ի մէջ դեգերելէ յետոյ վերադարձած է Ռումանիա ու կրկին տրուած գրականութեան: Ռումանագիր հայ գրողը հրատարակած է պատմուածքներու ժողովածուներ, վէպեր, թատերգութիւններ եւ յուշապատումներ, որոնց մէջ անդրադարձած է նաեւ հայկական կեանքին (Յուշապատում/Memorialistică vol. I եւ II, Editura Ararat, Bucureşti, 2005-2011; Պատմուածքներ ռումանահայերու եւ ամերիկահայերու հետ/Povestiri cu armeni-romչni şi americani, Editura Ararat, Bucureşti, 2012): Գաբրիէլ Տիրատուրեանի ամենանշանաւոր գործը «Սրիկայի մը նօթագրութիւններ» վէպն է, որ ան սկսած է գրել 1970-ական թուականներու վերջերէն եւ տարբեր վերամշակումներով հրատարակած ԱՄՆ-ի եւ Ռումանիոյ մէջ /Din adnotările unui scelerat, Editura Tracus Arte, 2013:

Գաբրիէլ Տիրատուրեան արդի ռումանական գրականութեան այն դէմքերէն էր, որ  շարք մը այլ հայ գրողներու շարքին (Շտեֆան Յակոբեան, Անայիս Ներսէսեան, Պետրոս Խորասանջեան, Վարդան Առաքէլեան) անծանօթ է հայ ընթերցողին: Ռումանահայ գրողներէն Հայաստանի մէջ ծանօթ են Վարուժան Ոսկանեանին, Սարգիս Սելեանին եւ Մատլէն Քարաքաշեանին, որոնք բոլորն ալ Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ են

 

Scroll Up