Վարդավառ 2015. Ուխտագնացութիւն Րիկոյի «Նոթրը Տամ տէ Լուրտ» սրբավայրին

Յուլիս 12, 2015-ին, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան (Վարդավառ) օրը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդութեան մօտ 300 հաւատացեալներ մասնակցեցան Րիկօ, Քուէպէք-ի «Լուրտի Աստուածամօր» սրբավայրի ուխտագնացութեան, միացեալ կազմակերպութեամբ Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի եւ Լավալի Ս. Խաչ եկեղեցիներու հոգեւոր Հովիւներու եւ Ծխական Խորհուրդներու:

Այս առիթով, Սուրբ Պատարագը մատուցանեց Գերաշնորհ Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան, առաջնորդ Գանատահայոց Թեմին եւ մասնակցութեամբ Լավալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մանկական երգչախումբին:

01 03 04 05 06 07

Scroll Up