Երեւանն ու Պաքուն Պէտք է Հաստատեն Խաղաղութեան Հասնելու Իրենց Ձգտումը. Ռուպին

ԼՂ հակամարտութեան կողմերը պէտք է հաստատեն ԼՂ խնդրի խաղաղ կարգաւորման հարցով առաջընթացի հասնելու իրենց հաւատարմութիւնը: Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտարարած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի Արեւելեան Եւրոպայի, Կովկասի եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու հարցերով օգնականի տեղակալ Էրիք Ռուպինը` ելոյթ ունենալով Պրուքինկսի ուսումնարանին մէջ։

Ռուպինը ընդգծած է, որ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանն այլընտրանք գոյութիւն չունի:

«Մենք այդ հարցը կը քննարկենք արդար, խաղաղ, երկարատեւ, փոխընդունելի լուծման հասնելու դիրքերէն: Այդ դիրքերէն ալ պէտք է ելլեն բոլոր կողմերը, քանի որ այլ՝ աւելի լաւ՝ լուծում գոյութիւն չունի, իսկ մնացած բոլոր այլընտրանքներն այնքան սարսափելի են, որ անգամ չարժէ զանոնք քննարկել»,- ընդգծած է Ռուպինը:

Ի դէպ, բարձրաստիճան ամերիկացի դիւանագէտը աւելցուցած է, որ չնայած ատիկա դիւրին չէ, բայց ԱՄՆ յոյս ունի, որ կողմերը պիտի հաստատեն խաղաղութեան հասնելու իրենց ձգտումը:

«Ատիկա դիւրին չէ. կարգաւորման հասնելու համար կողմերը պէտք է բարդ ընտրութիւն կատարեն շարք մը  հարցերու մէջ: Այդ պատճառով ալ դեռ լուծման չեն հասած»,- աւելցուցած է Էրիք Ռուպինը:

Անոր խօսքով, ԱՄՆ՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի միւս երկու համանախագահներուն հետ միասին՝ պիտի շարունակէ ամէն կերպ աջակցիլ ԼՂ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Յատկապէս կարեւոր են համանախագահող երկիրներու ջանքերը հակամարտութեան սրումը կանխարգիլելու գործին մէջ:

«Մենք միանշանակ կը յայտարարենք, որ խիստ կարեւոր է, որ երկու երկիրները ընեն հնարաւորը` իրավիճակը չլարելու համար: Իսկ նման լարուած ու վտանգաւոր ժամանակներու մէջ միջադէպերէն խուսափիլը շատ կարեւոր է»,- ընդգծած է ԱՄՆ պետական քարտուղարութեան ներկայացուցիչը:

Scroll Up