Համահայկական 6-րդ Խաղերու Ջահի Հրավառութիւն՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 12 Յուլիս 2015-ի կէսօրին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակը տեղի ունեցաւ Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահի հրավառութեան խորհրդանշական արարողութիւնը: Խաղերը տեղի պիտի ունենան 2-13 Օգոստոս, Հայաստանի մէջ: Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի հիւպատոսութեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի, ՀՄԸՄ-ի, ՀԲԸՄ-ի, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամներ, Ազգ. երեսփոխաններ եւ ներկայացուցչական այլ դէմքեր: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
Ինչպէս ծանօթ է, ջահի հրավառութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած էր նաեւ Կիրակի, 28 Յունիսին, Անթիլիասի Մայր տաճարի կողքին կանգնած Նահատակաց մատուռ-յուշակոթողին առջեւ, ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի, ներկայութեամբ հայրենի եւ Լիբանանի հայութեան մարզական ներկայացուցիչներու:
12 Յուլիսի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կողքին կանգնած Նահատակաց յուշարձան-խաչքարին առջեւ, ձեռամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի: Տէրունական աղօթքէն ետք առաջնորդը յատուկ օրհնութեամբ վառեց ջահը եւ յանձնեց այն մարզիկին, որ արարողութեան աւարտին զայն բարձր բռնած՝ Կլենտէյլի փողոցներով հասցուց Հայաստանի հիւպատոսարան։
æահը վառելէ ետք խօսք առնելով՝ առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ այս արարողութիւնը կը զուգադիպի Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնին, իսկ Վարդավառը մեր հինաւուրց ու տոհմիկ տօներէն է, որ իւրայատուկ մթնոլորտ կը ստեղծէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Ան ողջունեց Համահայկական խաղերու կազմակերպիչները, զանոնք հովանաւորող հայրենի իշխանութիւնները եւ մասնակից մարզիկները: Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան շեշտեց, որ այս տարուան խաղերը կը զուգադիպին Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ուստի ունին խորհրդանշական իմաստ եւ կը մարմնաւորեն հայ երիտասարդութեան միացեալ կեցուածքը՝ «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» նշանախօսի յանձնառութեամբ ու Հայրենիք-Սփիւռք միասնութեան մարմնաւորումով: Աւարտին, ներկաները երգեցին «Մեր Հայրենիք»ը։
Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յուշարձանին առջեւ սկսած արարողութիւնը ջահի փոխադրութենէն ետք շարունակուեցաւ Հայաստանի հիւպատոսարանին մէջ, ուր եւս արտասանուեցան ողջոյնի խօսքեր: