Ատանայի Շրջանը Յայտնաբերուած է Աստուածաշնչեան Տողերով Խճանկար (լուսանկարներ)

Այժմեան Թուրքիոյ հարաւը գտնուող Ատանայի վարչական շրջանին մէջ հնագէտները յայտնաբերած են աստուածաշնչեան յունարէն տառերով խճանկար՝ 120 քառակուսի մեթր տարածքի վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը՝ վկայակոչելով տեղական BGN News-ը։
15մ երկարութեամբ եւ 8մ լայնութեամբ խճանկարին վրայ պատկերուած են նաեւ 16 ընտանի եւ վայրի կենդանիներ` գայլ, յովազ, ոչխար, օձ, ցուլ:
Խճանկարին վրայ կան Եսայի մարգարէ մէջբերումներ. «Գայլն ու գառը կ’արածեն միասին, առիւծը խոտ կ՝ուտէ, օձի համար մոխիրը սնունդ կը դառնայ. անոնք վնաս չեն հասցներ Իմ սուրբ լերան ողջ տարածքին` կ՝ըսէ Տէրը»:
Պեղումները կը կատարուին Ատանայի նահանգի 15 վայրերու մէջ` նոր կառուցուող թանգարանի համար ցուցանմուշներ գտնելու նպատակով: