ԱԱՀ կազմակերպութեան նախագահ Սուրէն Սերայրտարեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ

Յուլիս 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Արեւմտահայոց ազգային համագումար կազմակերպութեան նախագահ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտ Սուրէն Սերայրտարեանը եւ անոր քրոջը` Սուրիայէն Հայաստան տեղափոխուած Անի Սերայրտարեանը:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ծիրէն ներս իրականացուած ձեռնարկներու շնորհիւ ձեռք բերուած արդիւնքներուն, այդ արդիւնքները պահպանելու եւ զարգացնելու հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ իրաւական ասպարէզին մէջ իրականացուելիք հնարաւոր քայլերուն:
Հիւրի հետաքրքրութիւններու ծիրին մէջ էր նաեւ հայոց լեզուի, մասնաւորապէս արեւմտահայերէնի պահպանման խնդիրները: Պատասխանելով անոր հետաքրքրող հարցերուն` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ սփիւռքի նախարարութեան մշտական ուշադրութեան կեդրոնին մէջ են Հայոց լեզուի պահպանման առնչուող հարցերը: Յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի արեւմտահայերէնի ուսուցման:
Նախարարութիւնը տարբեր միջոցներով կ’անդրադառնայ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի տերմինաբանութեան համակարգերու զուգորդման հարցերուն. Կը հրատարակուին մասնագիտական գիրքեր, կը կազմակերպուին լեզուի ուսուցման արագացուած դասընթացներ, կը գործեն լեզուի ուսուցման հեռուստադպրոց, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնէն արեւելահայերէն եւ հակառակը փոխարկիչ ծրագիրը (www.translator.am) եւ այլն: Այս հարցերուն նուիրուած է նաեւ Յուլիս 30-31-ին Երեւանի մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ ԳԱԱ Աճառեանի անուան լեզուի ինստիտուտի կազմակերպած «Արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի մերձեցման խնդիրները» համաժողովը:
Անդրադարձ եղաւ նաեւ Հայաստան հաստատուած սուրահայութեան: Պարոն Սերայրտարեան նախարարին տեղեկացուց, որ քոյրը` Անին, Երեւանի մէջ բնակարան գնած է եւ վերջնականապէս հաստատուած Հայաստանի մէջ:
Նախարարը ուրախութեամբ ընդունեց այդ լուրը եւ շեշտեց, որ ստեղծուած իրավիճակին լաւագոյն լուծումը Հայրենիքի մէջ հաստատուիլն է:
Քննարկուեցան երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր: