Մարսէլի մէջ Կոմիտասին նուիրուած գիտաժողով պիտի կայանայ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/07/vardapeti_ezaki_lowsankarnerits_e_ortegh_na_zhptowm_e._aysor_komitasi_145-amyakn_e.jpg)
S’art կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ Մարսէլի մէջ պիտի կայանայ գիտաժողով` նուիրուած Կոմիտասին:
Արցախփրէսը կը գրէ, որ Nouvelles d’Armenie-ի փոխանցմամբ` «Հայր Կոմիտասի կեանքն ու ստեղծագործական ուղին» խորագիրով գիտաժողովը պիտի կայանայ Յուլիս 16-ին, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի Կոմիտասի գործունէութիւնը,անոր կեանքը, Հայոց ցեղասպանութեան դրուագներն ու Ֆրանսայի մէջ ապրած օրերը:
Գիտաժողովին պիտի յաջորդէ համերգ, որուն ժամանակ պիտի հնչեն արդէն Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները: