Համահայկական խաղերուն ընդառաջ Սթամպուլի խումբերու նախապատրաստական վերջին աշխատանքները

Համահայկական 6-րդ խաղերուն ընդառաջ Սթամպուլի խումբերը մեծ թափով առաջ կը տանին նախապատրաստական վերջին աշխատանքները:
Սթամպուլի հայկական «Ժամանակ» պարբերականի փոխանցմամբ` խմբային մարզաձեւերուն մէջ Սթամպուլի հայկական համայնքը ներկայացնող մարզիկները իրենց դասընթացները կ’իրականացնեն մարզիչներու հսկողութեան ներքոյ:
Վոլէյպոլի եւ պասկեթպոլի իգական եւ արական կազմերը լրջօրէն աշխատանքներ կը տանին, որպէսզի լաւագոյնս կարենան հանդէս գալ խաղերու ժամանակ: Սթամպուլի կարգադրող յանձնաժողովը եւս ջանքեր չի խնայեր երիտասարդներու նախապատրաստական աշխատանքները ըստ արժանուոյն իրականացնելու համար: