Ատրպէյճանական Կողմը Սկսած Է Աւելի Շատ Խախտել Հրադադարը Արցախի Ուղղութեամբ. ԼՂՀ ՊՆ

Ատրպէյճանական կողմը սկսած է աւելի բուռն կերպով խախտել հրադադարի պահպանման կարգը ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ` հրաձգային զինատեսակներէն բացի Յուլիս 14-ին հարաւային ուղղութեամբ կիրառելով նաեւ 60 մմ.ականանետ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը, Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը հիմնականօրէն հաւատարիմ մնացած են հրադադարի պահպանման կարգին եւ պատասխան գործողութիւններու դիմած միայն խիստ անհրաժեշտութեան պարագային: